Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայի Լուտերական եկեղեցւոյ համամիութենական պատուիրակութիւն մը:

«Հիւրընկալութիւնը նաեւ մաս կը կազմէ հաւատքի վկայութեան՝ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 17 յունուարին, Ֆինլանտայի Լուտերական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը այցելեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին:

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Ֆինլանտայի եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող անդամները,  Պօղոս առաքեալին խօսքով. «ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ՝ մեր Հօր եւ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը:»

Ան ապա անդրադառնալով Ֆինլանտայի եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին համաձայն Սուրբ Հենրիքի ծիսական տօնին եւ որուն առիթով Ֆինլանտիոյ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը ուխտագնացութեամբ եկած են Հռոմ քաղաք, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց «ձեր հետ միասին եւ մենք բոլորս հաւատքի ուղեւորութեան մէջ կը գտնուինք, իրար զիրար քաջալերելու եւ զօրանալու Քրիստոսի հետեւելու մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց անցեալ կիրակի օր Յիսուսի Մկրտութեան տօնին,  նշելով որ այդ տօնը յիշեցումն  է  նոյնինքն մեր մկրտութեան: Քրիստոնեան անձն մըն է, որ կրնայ երախտապարտ ըլլալ իր Մկրտութեան համար եւ այս երախտագիտութիւնը մեզ բոլորս կը միացնէ՝մկրտեալներու հասարակութեան ներքեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութեան, նշելով որ «որպէս անդամ միակ եւ միեւնոյն Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինին, քրիստոնեաները միացած են մէկը միւսին, եւ պէտք են որ  մէկը միւսին բեռը շալկեն: Որովհետեւ Քրիստոսը համայն աշխարհը փրկելու համար եկաւ, նաեւ եկեղեցին եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ՝ ըլլայ աշխարհական ըլլայ կրօնաւոր, ունի հաւատքի վկայութեան առաքելութիւնը,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ հիւրընկալութիւնը նաեւ մաս կը կազմէ հաւատքի վկայութեան՝ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ:»ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Քրիստոնեաներուն միութեան աղօթքի շաբաթը,մեզի ցոյց կու տայ այդ համամիութենական առաքինութիւնը,յատկապէս յանձնարարելով զայն:»

Նորին Սրբութիւն ապա շեշտելով հիւրընկալութեան հրամայականը նշեց, որ «ան որ կը հիւրընկալէ՝ աղքատ չի դառնար այլ աւելի հարուստ: Ան որ կը պարգեւէ իր կարգին կը ստանայ: Համամիութենական հոգին եւ համամիութենական երկխօսութիւնը կը ծառայեն խորացնելու միասին մնալու: Թող որ այս միասին մնալը շարունակէ աճիլ եւ զարգանայ ու պտղաբեր դառնայ համայն Ֆինլանտայի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 10:56