Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եթովպիացիներուն քահանայապետական վարժարանի մեծաւորներն ու սաները:

Եթովպիացիներուն Քահանայապետական վարժարանի հիմնադրութեան 100-րդ ամեակի առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 11 յունուարին, կէսօրին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Եթովպիացիներուն քահանայապետական վարժարանի մեծաւորները, փոխ մեծաւորները, կրօնաւորներն ու սաները, վարժարանի հիմնադրութեան 100-րդ ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին եւ գերապայծառ Վազիլը, շնորհակալութիւն յայտնելով արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովին, Եւթովպիացիներուն քահանայապետական վարժարանի կեանքի ի նպաստ ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Եթովպիացիներուն քահանայապետական վարժարանին, որ կը գտնուի Վատիկան քաղաքի պատերէն ներս:  Ան նշեց, թէ վարժարանին՝ Վատիկանի պատերէն ներս ներկայութիւնը նշան է հիւրընկալութեան, նկատել տալով, որ աշխարհարգրականօրէն Հռոմէն հեռու ժողովուրդներ, իրենց բնակարանները հաստատած ու հիւրընկալուած են Սուրբ Պետրոսի դամբարանին մօտ, Յիսուս Քրիստոսը՝ Փրկիչը դաւանելու համար :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Եթովպիայի եւ Էրիթրիոյ երկու եկեղեցիներուն նշելով, որ այդ երկու եկեղեցիները միացած միեւնոյն աւանդութեամբ, իրենց պատմութեան հարստութիւնն ու հին աւանդութիւնները ներդրած  են Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ: 

Նորին Սրբութիւն նշեց, թէ ինք Հռոմի մէջ ճանչցած է Եթովպիայի Նորին Սրբութիւն Մաթիաս Պատրիարքը խնդրելով, որ անոր փոխանցեն իր ողջոյնները:  

Ան ապա յիշեց պատերազմի թիրախ Եթովպիայի ու էրիթրիայի աղքատ եղբայրներն ու քոյրերը, ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի երկու երկիրները դաս քաղելով ցաւալի պատմութենէն, հեռու մնան ցեղային եւ երկու երկիրներուն միջեւ բաժանումի լուծէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ Եթովպացի կրօնաւորներէն խնդրեց, որ միշտ բարի յարաբերութիւններու տիպար հանդիսանան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան կառուցողներ:  Յորդորեց քահանաները, որ իրենց յանձնուած հաւատացեալներուն մէջ Աստուծոյ պարգեւը մշակեն, ամոքելով հաւատացեալներուն ներքին եւ արտաքին վէրքերը, մանուկներուն եւ երիտասարդներուն պարագային համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Եթովպիացի եւ էրիթրէացի՝ Իտալիա հասած բազմաթիւ գաղթականները, որոնք աւելի լաւ ապագայի յոյսէն ղուած, գաղթեցին այլ երկիրներ, դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, շնորհակալութիւն յայտնելով գաղթականներով զբաղող կղերականներուն,:  

Ան ապա քաջալերեց Եթովպոացի կղերականները, իրենց եկեղեցական աւանդութիւնները միշտ պահպանելու: Մաղթեց նաեւ  որ Եթովպիայի  եւ էրէթրէայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երաշխաւորուի հասարակաց բարիքին ծառայելու ազատութիւնը, եւ  պաշտպանուի կրթական, առողջապահական խնամակալական հաստատութիւնները:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար, փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները ներկաներուն, անոնց հարազատներուն, Եւթովպիայի բոլոր թեմերուն ու ժողովուրդներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 12:55