Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաքին մէջ միջին արեւելքի պատրիարքներուն հետ հանիդպումին ընթացքին: Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաքին մէջ միջին արեւելքի պատրիարքներուն հետ հանիդպումին ընթացքին: 

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յունուար, փետրուար ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն օրակարգը:

23 փետրուարին, միջին արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի օրուան առթիւ, Պարի քաղաքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2020 թուականին  Յունուար , Փետրուար ամիսներուն ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահելիք գլխաւոր արարողութիւններուն առանցքը կը կազմէ  Պարի  քաղաքի մէջ Միջերկրականին խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ մատուցուելիք  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, խնդրուած Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ:  

Ունկնդրէ լուրը

Յունուար ամսուան ընթացքին, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ ծիրէն ներս, Սուրբ Պօղոսի դարձի գալու ծիսական տօնի առթիւ, 25 յունուարին՝  յետմիջօրէին ժամը 5,-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նախագահէ ժամասացութեան աղօթքին, Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարէն ներս:

Կիրակի, 26 յունուարին,Աստուծոյ խօսքի նուիրուած օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ Պատարագ պիտի մատուցանէ Սուրբ Պետրոսին տաճարին մէջ:

Մինչ Փետրուար ամսուան առաջին օրը ՝1 փետրուարին,  Յիսուսի տաճար ընծայման տօնին եւ անձինք նուիրեալներուն, համաշխարհային 24-րդ օրուան առթիւ, Սուրբ  Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութեան,  մասնակցութեամբ առաքելական կեանքի ընկերութեան եւ անձին նուիրեալներու կրօնական հաստատութիւններուն անդամներուն:

23 փետրուարին, Միջերկրային խաղաղութեան ի սպաս  աղօթքի օրը, Պարի քաղաքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին արարողութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2020, 09:11