Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Պրումատինիոյի աղէտին առաջին տարելիցին առթիւ։

Աղէտը տեղի ունեցաւ2019-ի Յունուարի 25-ի կէսօրին, Պրազիլի Մինաս Գերայս Նահանգի Պրումատինիոյի Córrego do Feijão հանքավայրին մէջ, որուն զոհ գացին 248 անձինք, մինչ այլ 22-ը կը մնան անյայտ կորսուած

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պրումատինիոյի աղէտի այս առաջին տարեդարձին առթիւ աղօթենք մեր 272 եղբայրներուն ու քոյրերուն համար որոնք այդտեղ թաղուեցան։ Կը ցաւինք համայն գետի աւազանի ապականութեան  համար։ Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն ու մեր թիկունքը տեղւոյն Թեմին ու բոլոր տառապող անձերուն, որոնք կարիքը ունին օգնութեան։ Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութեամբ թող Աստուած մեզ օգնէ  վերանորոգելու ու պաշտպանելու մեր հասարակաց տունը»։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ  սոյն խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 25 Յունուար 2020-ին, լսատեսողական պատգամ մը յղեց յիշատակելու  համար Պրումատինիոյի աղէտին առաջին տարելիցը։ 

Աղէտ մը որ տեղի ունեցաւ 2019-ի Յունուարի 25-ի կէսօրին,  Պրազիլի  Մինաս Գերայս Նահանգի Պրումատինիոյի Córrego do Feijão հանքավայրին մէջ, երկաթահանքի աւազանի ամբարտակի փլուզման պատճառաւ, որուն զոհ գացին 248 անձինք, մինչ այլ 22-ը կը մնան անյայտ կորսուած։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 11:32