Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  ընդուեց առաքելական ատեանի դատաւորներն ու փաստաբանները Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդուեց առաքելական ատեանի դատաւորներն ու փաստաբանները 

«Պահպանեցէք քրիստոնեայ զոյգերը» Ֆրանչիկոս Պապը Վատիկանի առաքելական ատեանի անդամներուն։

«Եկեղեցին այսօր պէտք ունի Քրիստոնեայ ամոլներու որոնք ըլլան Աւետարանի վկաներ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 Յունուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդուեց առաքելական ատեանի դատաւորներն ու փաստաբանները, հրաւէր ուղղելով հովիւներուն պաշտպանելու սուրբ պսակը, ամուսնութիւնը՝ գաղափարախօսութիւններէն։

Նորին Սրբութիւնը՝ բացումը կատարելով դատական տարուան, ակնարկեց գործք առաքելոցի մէջ նկարագրուած Ակիւղաս և Պրիսկիպայ ամոլի օրինակին, խրախուսելով պսակեալները  ըլլալու շարժումի մէջ աւետարանողներ, Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեան մէջ, մօտիկութեան եւ երախտագիտութեան ուսուցիչներ, վկայ զոյգեր՝ որոնք կարող են դառնալ թթխմոր։

 «Ակիւղասն ու Պրիսկիպան կ՛աւետարանէին որովհետեւ Տիրոջ ու Աւետարանի նկատմամբ սէր ունէին», սէր մը որ կը բխի սրտէն եւ որ կը թարգմանուի մօտիկութեան գործնական ժեստերով կարիքաւոր եղբայրներու նկատմամբ» յարեց Սրբազան Պապը ու յորդորեց Սուրբ Պօղոսի նման սիրել միսիոնար զոյգերը,  որոնք «տրամադիր են  հասնելու այն վայրերը ուր տակաւին Քրիստոսին լոյսը չէ հասած»։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ հովիւներէն խնդրեց առաջնորդել քրիստոնեայ սուրբ զոյգերը, անոնց տալով տեսանելիութիւն, ու զանոնք դարձնելով ամուսնութիւնը ապրող ու պահպանող նոր կարողութիւններով ենթականեր, որպէսզի հեռու մնան գաղափարախօսութիւններու ցանցէն, որ կը քայքայէ այդ խորհուրդի ամրութիւնը։

«Հարկաւոր է հսկել» ըսաւ Սրբազան Պապը «ու այնպէս ընել որ քրիստոնեայ զոյգերը ունենան պատշաճ կազմաւորում, յատկապէս ժողովրդապետութիւններու մէջ, որոնք աւետիսի ու վկայութեան եկեղեցական վայրերն են, ուր կ՛ապրիլն քրիստոնեայ ամոլները, որոնք կարող են  վկաները ըլլալ ամուսնական ու ընտանեկան սիրոյն ու գեղեցկութեան»։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Եկեղեցին պէտք ունի Ակիւղասի ու Պրիսկիպայի նման Քրիստոնեայ ամոլներու, որոնք կը խօսին ու կ՛ապրին մկրտութեան իշխանութեամբ, որ չի կայանար հրամայելու մէջ այլ հետեւողական ըլլալու մէջ, վկաներ ըլլալու մէջ, ու նաեւ ճանապարհորդութեան ընկերներ՝ Տիրոջ ուղիին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 12:48