Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակիչ արարողութիւն Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակիչ արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակիչ արարողութեան առթիւ։

Հիւրընկալութիւնը մաս կը կազմէ քրիստոնեայ ընտանիքներու ժառանգութեան։ Հարկաւոր է չի կորսնցնել այդ աւանդութիւնը, որ Աւետարանի բոյրը ունի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 25 Յունուար 2020-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնի օրուան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակիչ արարողութիւնը։

Աղօթքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան վրայ, նշելով որ Պօղոսը փոխադրող նաւուն վրայ երեք տարբեր խումբեր կային՝ զինուորները, նաւաստիները ապա բանտարկեալները։

Երբ նաւը փոթորիկին կը հանդիպի զինուորները՝ վախնալով որ բանտարկեալները փախուստ տան  կը մտածեն սպաննել զանոնք, հարիւրապետը սակայն թոյլ չի տար այդ մէկը, որովհետեւ կ՛ուզէր Պօղոսը ազատել։

Այդ յուսահատ իրավիճակին մէջ առաքեալը յոյսի պատգամ մը փոխանցած էր բոլորին։ Հրեշտակ մը անոր երեւնալով  հաւաստիացուած էր որ Աստուած պիտի փրկէ բոլորը։  Եւ արդարեւ նաւուն վրայ բոլոր գտնուողները կը փրկուին, հասնելով Մալթա կղզի ու փորձարկելով կղզիի բնակիչներուն հիւրընկալութիւնը, անոնց բարութիւնն ու մարդասիրութիւնը։

«Ահա այս դրուագէն է որ ներշնչուած է այս տարուայ միութեան շաբթուայ նիւթը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ «Գործք Առաքելոցի մէջ պատմուած դրուագը կը խօսի նաեւ մեր համամիութենական ճանապարհորդութեան մասին, որ կ՛ընթանայ  դէպի Աստուծոյ փափաքած միութիւնը»։ Ան ապա անդրադարձաւ  դիւրաբեկ այն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք հակառակ ամէն ինչի կարող են թանկարժէք պատգամներ շնորհելու բոլորի բարիքին համար, Աստուծոյ վրայ դնելով ու հիմնելով իրենց հարստութիւնը։

«Մտաբերենք նաեւ հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, անոնք եւս Պօղոսի նման կարող են փրկութեան պատգամը տանիլ, որովհետեւ Աստուած կը նախընտրէ մեզ փրկել ոչ թէ աշխարհի ուժով, այլ խաչին տկարութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց դրուագին երկրորդ երեւոյթին, այն է թէ Աստուծոյ առաջնահերթութիւնը բոլորին փրկութիւնն է։ Ան արդարեւ կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին, ինչպէս պատահեցաւ Պօղոսին ու անոր բարեկամներուն։

«Նաւաբեկութեան ընթացքին բոլորը սատարեցին բոլորին փրկութեան. հարիւրապետը կարեւոր որոշումներ առաւ, նաւաստիները իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները օգտագործեցին, առաքեալը քաջալերեց անոնք որոնք անյոյս էին…այսպէս ըլլալու է նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ներքոյ, պէտք է մեկինի դնել մասնակի շահերը, յաղթահարել անցեալի դժուարութիւնները, դիմելով միասնական փրկութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց երրորդ մէկ երեւոյթին՝ հիւրընկալութիւնը, որ Ղուկաս Աւետարանիչ կը ներկայացնէ որպէս «արտասովոր հիւրընկալութիւն», նկարագրելով այդ հիւրընկալութեան մանրամասնութիւնները։

«Այս աղօթքի շաբաթէն կ՛ուզենք հիւրընկալ ըլլալ սորվիլ, նախ եւ առաջ մենք իրար մէջ, զանազան դաւանանքներու մաս կազմող եղբայրներու մէջ։ Հիւրընկալութիւնը արդարեւ մաս կը կազմէ քրիստոնեայ ընտանիքներու ժառանգութեան։ Հարկաւոր է չի կորսնցնել այդ աւանդութիւնները, որոնք Աւետարանի բոյրը ունին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա  իր ողջունեց արարողութեան մասնակցող  Կ. Պոլսոյ Պատրիարքի եւ Քանկթըրպուրիի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչները, քոյր եկեղեցիներու պատուիրակութեան ադամներն ու Պոսսէյի համամիութենական հաստատութեան անդամները, խնդրելով շարունակել աղօթել Աստուծմէ հայցելով լիակատար միութեան շնորհքը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 18:36