Որոնել

Սուրբ Ճովաննի Պոսքօ Սուրբ Ճովաննի Պոսքօ 

Տոն Պոսքոն՝ երիտասարդութեան հայր ու վարդապետ։

«Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի սրբութեան օրինակը առաջնորդէ յատկապէս ձեզ՝ սիրելի երիտասարդներ,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 29 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Պապը ողջունելէ ետք սրահը համախմբուած՝ տարբեր վայրերէ ժամանած  հազարաւոր  ուխտաւորները հրաւիրեց զանոնք հետեւելու երանութիւններուն՝ «որոնք կեանքի քարտէս մըն են»  ըսաւ Ան, ու գերմարդկային արարքներ չեն պահանջէր, բաւ է որ ամէնօրեայ կենաքին մէջ նմանինք Յիսուսին, յարեց Սրբազան Պապը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ակնարկելով յառաջիկայ ուրբաթ օր յիշատակուող Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի ծիսական տօնին։

«Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի սրբութեան օրինակը, զոր պիտի յիշատակենք յառաջիկայ ուրբաթ օր, որպէս երիտասարդութեան հայր ու վարդապետ, առաջնորդէ յատկապէս ձեզ՝ սիրելի երիտասարդներ,  իրականացնելու համար ձեր ապագայի ծրագիրները, առանց սակայն բացառելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար Աստուծոյ ունեցած ծրագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2020, 10:14