Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ տարեկան հանդիպումն ու ճառը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց աւանդական ճառը որուն մէջ ընդգծեց յոյսի ու յուսալու կարեւորութիւնը, ակնարկելով անցնող տարուայ ընթացքին կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն ու անոնց լոյսին տակ իրականացուած քայլերուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 9 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի «Ռեճա» դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի  մօտ հաւատարմագրուած ու գործող դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ ՀՀ դեսպան՝ վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեանը։

Յոյսը հիմք եկող ժամանակներուն

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց աւանդական ճառը որուն մէջ ընդգծեց յոյսի ու յուսալու կարեւորութիւնը, ակնարկելով անցնող տարուայ ընթացքին կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն ու անոնց լոյսին տակ իրականացուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն։  Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձ կատարեց նաեւ գոյատեւող հակամարտութիւններուն ինչպէս նաեւ անչափահասներու դէմ չարաշահումներուն, կիներուն դէմ բռնութիւններուն ու Եւրոպայի մէջ զօրակցութեան իմաստի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Ճառին սկիզբը Սրբազան Պապը խնդրեց  յոյսով սկիզբ տալ տարուան։ Ան հաստատեց թէ նոյնիսկ եթէ «յոյսը կը պահանջէ իրապաշտութիւն», նոյնիսկ եթէ ան «կը պահանջէ որ հարցերը կոչուին իրենց անունով ու քաջութիւնը ունենանք զանոնք դիմագրաւելու», նոյնիսկ եթէ Նոր տարին դժբախտաբար խրախուսական նշաններով զարդարուած չ՛երեւիր, «չենք կրնար դադրիլ յուսալէ», ու «յուսալ կը պահանջէ քաջութիւն» շարունակեց Ան, «կը պահանջէ գիտակցութիւն թէ չարը, տառապանքն ու մահը չեն կրնար գերիշխել ու թէ նոյնիսկ ամենէ բարդ հարցերը կարելի է ու պէտք է դիմագրաւել ու լուծել»։

“«Յոյսը առաքինութիւնն է որ մեզ ուղեւորութեան մէջ կը դնէ, մեզի կը պարգեւէ թեւեր յառաջ ընթանալու համար, նոյնիսկ երբ խոչնդոտները անյաղթահարելի կը թուին»”

«Յոյսը առաքինութիւնն է որ մեզ ուղեւորութեան մէջ կը դնէ, մեզի կը պարգեւէ թեւեր յառաջ ընթանալու համար, նոյնիսկ երբ խոչնդոտները անյաղթահարելի կը թուին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, մէջբերելով խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամէն վերոնշեալ խօսքը ու այս յոյսի նշանով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր դեսպաններուն,  շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց առօրեայի յանձնառու աշխատանքին համար, որ կը ձգտի ամրապնդել Սուրբ Աթոռի հետ յարաբերութիւնները» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ  խաղաղութիւնը եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաջնահերթ նպատակներն են։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա զանազան երկիրներու հետ տարուան ընթացքին կնքուած համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարուայ ընթացքին կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն որոնք առանցքը կազմեցին Նորին Սրբութեան ճառին։

Անչափահասներու չարաշահումներուն դէմ պայքար։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նախ եւ առաջ 2019-ի սկիզբը Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին, Երիտասարդներու համաշխարհային 34 օրուան առթիւ, հաստատելով որ  երիտասարդները ընկերութեան ապագան եւ յոյսն են։

Սակայն ըսաւ Քահանայապետը, բազմաթիւ չափահասներ ու անոնց միջեւ նաեւ կղերականներ, պատասխանատու եղան երիտասարդներու արժանապատուութեան դէմ գործադրուած ծանր յանցանքներու. Ոճիրներ որոնք զԱստուած կը վիրաւորեն ու ֆիզիկական, հոգեբանական եւ հոգեւոր վնասներ կը հասցնեն զոհերուն։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց մանկապղծութեան դէմ պայքարի յանձնառումով Վատիկանի մէջ կայացած եպիսկոպոսական հաւաքին ու հաւաքէն բխած վճռակամ քայլերուն՝ հակազդելու համար այդ ոտնձգութիւնները։

Դաստիարակչական  պայմանագիր եւ ընտանիքի առաջնութիւնը։

Սրբազան Պապը նշեց ապա թէ այդ ուղղութեամբ է որ յառաջիկայ 14 մայիսին պիտի կազմակերպուի  «վերակառուցել համաշխարհային կրթական համաձայնութիւնը» խորագիրով ձեռնարկը։  

«Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ միացնելու ջանքերը կազմաւորելու համար հասուն անհատներ, որոնք կարող ըլլան յաղթահարել մասնատումներն ու հակառակութիւնները», ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով որ կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը՝ սահմանուած չէ  դպրոցներուն ու համալսարաններուն այլ կ՛երաշխաւորուի յատկապէս երբ կը հզօրացնենք ընտանիքին դաստիարակելու առաջնահերթ իրաւունքը  ու Եկեղեցւոյ անոր հետ համագործակցելու իրաւունքը ։

Կրթել ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ կը պահանջէ երիտասարդներուն հետ հաւատարիմ երկխօսութիւն։ Անոնք մեզ կը կոչեն միջսերնդային զօրակցութեան, որ դժբախտաբար բացակայ էր վերջին տարիներու ընթացքին, որովհետեւ հակում կայ մենք  մեր մէջ փակուելու ու պաշտպանելու սեփական իրաւունքներն ու առաւելութիւնները յղանալով աշխարհ մը որ տարեցներուն կը նայի անտարբերութեամբ ու ոչ մէկ հնարաւորութիւն կու տայ նորածին կեանքին։

Բնապահպանական համապարփակ դարձ

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա երիտասարդներու յանձնառումին, յատկապէս կլիմայական փոփոխութիւններու մարզէն ներս ու անոնց հասարակաց տան ուղիով մտահոգութեան, հաստատելով որ երիտասարդները մեզ կը կոչեն բնապահպանական դարձի մը։  Ան ապա խօսեցաւ անցեալ դեկտեմբերին բնապահպանութեան հայող Մատրիտի մէջ գումարուած COP25 ՄԱԿ-ի  ժողովին ձախողութեան մասին ու ասկէ մեկնելով անդրադարձ  կատարեց Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եւ անցեալ հոկտեմբերին գումարուած Եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսին որ մօտէն քննարկեց հարցը տրուած ըլլալով որ Ամազոնեան տարածաշրջանը աշխարհի կենսաբանական սիրտն է։

Լատին Ամերիկայի հակամարտութիւնները, անհաւասարութիւններն ու կաշառակերութիւնը

Ամերիկեան ցամաքամասին անդրադառնալով Սրբազան Պապը ակնարկեց բազմաթիւ լարուածութիւններուն ու հակամարտութիւններուն, որոնք կը յուզեն տարբեր երկիրներ ու այդ լարուածութիւններէն յառաջ եկած ընկերատնտեսական ու մարդկայնական տագնապներուն, այդ առընչութեամբ կոչ ուղղելով կառավարութիւններուն ու քաղաքական գործիչներուն յանձնառու ըլլալու եւ շտապ լուծումներ որոնելու հարցերուն համար։

Ամերիկեան ցամաքամասի տարբեր երկիրներու մէջ հակամարտութիւններու արմատները  կը գտնուին խոր անարդարութիւններու, անհաւաստութեան երեւոյթներու ու կաշառակերութեան արարքներու մէջ, ինչպէս նաեւ աղքատութեան զանազան ձեւերու մէջ, որոնք կը վիրաւորեն մարդոց արժանապատուութիւնը – ըսաւ  Սրբազան Պապը թելադրելով դիմել երկխօսութեան մշակոյթին ու ժողովրդավարական իշխանութիւններու ամրապնդումին։

Միջկրօնական երկխօսութիւն ու Երուսաղէմի համար կոչ

Անդրադառնալով 2019-ի երկրորդ առաքելական ճամբորդութեան, Սրբազան Պապը նշեց թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբորդութիւնը հանդիսացաւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի մը առաջինը՝ ուր Ան Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի հետ միասին ստորագրեցին «Մարդկային եղբայրութեան ու համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան հայող փաստաթուղթը», որ կը միտի իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ խթանել փոխադարձ հասկացողութիւն ու համակեցութիւն միշտ աւելի բազմամշակութային ու բազմացեղային ընկերութիւններու ներքոյ։ Այդ ուղղութեամբ քահանայապետը շեշտեց կրօնի ազատութեան կարեւորութիւնը ու միջ կրօնական երկխօսութեան ուղիով ապագայ սերունդներու կազմաւորումը։

«Խաղաղութիւն եւ յոյս եղան նաեւ Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութեան առանցքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ուր Մոհամմատ Զ ի հետ ստորագրուած մէկ պայմանագիրով անոնք ճանչցան Երուսաղէմի սրբութիւնն ու իւրօրինակ յատկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ համայն միջազգային հասարակութեան կոչ ուղղեց որ քաջութեամբ եւ անկեղծութեամբ վերահաստատէ յանձնառումը աջակցելու Իսրայէլ Պաղեստին խաղաղութեան գործընթացքին ու ասկէ մեկնելով պահանջեց նաեւ աւելի մեծ ու գործնական յանձնառում՝ Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններուն համար, յատկապէս Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար։

Իրան Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւն։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Յորդանանին եւ Լիբանանին սուրիացի գաղթականներն հիւրընկալած ըլլալուն համար ակնարկելով նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութեան ու յատկապէս Իրանի  մտահոգիչ իրավիճակին՝ ու  Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան աճումին։

«Կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի բոլոր կողմերը խուսափին հակամարտութեան սրացումէն ու վառ պահեն երկխօսութեան եւ ինքնակառավարման բոցը, յարգելով միջազգային օրէնքները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Փախստականներուն չարաշահումը

Ան ապա ակնարկեց Եմենի մէջ տիրող մարդկայնական տագնապին ու միջազգային հասարակութեան անտարբերութեան կեցուածքին ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու ու պատերազմներու բերումով յառաջացած մարդավաճառութեան արարքներուն, չարաշահումներուն, աղքատութեան ու գաղթականութեան երեւոյթին։

«Մեծ ցաւով կը շարունակենք նկատել թէ Միջերկրական Ծովը դարձած է մեծ գերեզման մը ու միշտ աւելիով հրատապ է որ բոլոր Պետութիւնները ստանձնեն մնայուն լուծումներ գտնելու պատասխանատուութիւնը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ Սուրբ Աթոռը մեծ յոյսով կը նայի բոլոր այն երկիրներու ջանքերուն որոնք հիւրընկալութիւն տուին տեղահաններուն։

Եւրոպան եւ զօրակցութեան հոգին

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Պուլկարիա, Հիւսիսային Մակեդոնիա եւ Ռումանիա կատարած ճամբորդութեան մասին,  ուր փորձարկեց երկխօսութեան եւ հանդիպումի մշակոյթի կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղ ընկերութեան մը կառուցումին, ուր ամէն մէկ անհատ կարող ըլլայ ազատօրէն արտայայտել իր ցեղային եւ կրօնական պատկանելիութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց երկխօսութեան եւ միջազգային օրինականութեան յարգանքի անհրաժեշտութիւնը՝ լուծելու համար «սառած իրավիճակի  մէջ գտնուող հակամարտութիւնները», որոնց շարքին յիշեց նաեւ Կիպրոսի միացումը եւ Արեւելեան Ուկրանիայի հարցը։

“«Երկխօսութիւնն է ու ոչ թէ զէնքերը՝ վէճերը լուծելու հիմնական գործիքը»”

«Երկխօսութիւնն է ու ոչ թէ զէնքերը՝ վէճերը լուծելու հիմնական գործիքը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ԵԱՀԿի գործունէութեան ու ջանքերուն ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդի ստեղծումին ու Սուրբ Աթոռին այդ խորհուրդին որպէս մնայուն դէտ մաս կազմելուն 50 ամեակին։

«Եւրոպական ծրագիր կը շարունակէ ըլլալ զարգացումի հիմնական երաշխիք մը անոնց համար որոնք մաս կը կազմեն անոր ու խաղաղութեան հնարաւորութիւն այն երկիրներուն որոնք կը միտին միանալու անոր» յարեց ապա Քահանայապետը, յոյս յայտնելով որ Եւրոպան չի կորսնցնէ զինք յատկանշող զօրակցութեան հոգին։

Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Փարիզի Նոթր Տամ եկեղեցւոյ հրդեհին, Պեռլինի պատին փլուզումի 30 ամեակին… «բաժանման պատ մը որ յատկանիշն է բաժանումի մշակոյթին որ մարդիկը կը հեռացնէ մէկը միւսէն ու ծայրայեղութեան եւ բռնութեան ճամբաներ կը բանայ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ «ատելութեան պատնէշներուն մենք կը նախընտրենք հաշտութեան եւ զօրակցութեան կամուրջները» ու դիտել տալով որ  «ոչ մէկ խաղաղութիւն կարող է ամրապնդուիլ եթէ միեւնոյն ժամանակ չեն հանդարտիր ատելութիւններն ու ոխը  փոխադարձ սիրոյ վրայ հիմնուած հաշտութեան մը միջոցաւ»։

Ափրիկէ՝ յոյսի ու բռնութիւններու ստուերին տակ

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին որ ընդգրկեց Մոզամբիկը, Մատակասկարն ու Մաուրիցիուսի կղզին, ուր ըսաւ Ան, տեսայ խաղաղութեան եւ հաշտութեան նշաններ ու փորձարկեցի յոյսին գործնականութիւնը, սկսեալ Մոզամբիկի մէջ ստորագրուած համաձայնութենէն։ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ ապա Ընտանիքի ու հասարակութեան մէջ ապրուած մարդկային յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ կրօններու միջեւ համագործակցութեան վրայ, յոյս յայտնելով որ ոգեւորութիւնը որուն ականատես եղաւ ճանապարհորդութեան ընթացքին շարունակէ ըլլալ իրականութիւն։ Թէեւ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը Ափրիկէի այլ վայրերուն մէջ կը շարունակուին բռնութեան արարքներ՝ անմեղ անձերու դէմ, այդ ուղղութեամբ խրախուսելով  միջազգային հասարակութիւնը  թիկունք կանգնելու այն երկիրներու ջանքերուն՝ որոնք կը ձգտին արմատախիլ ընել ահաբեկութեան ախտը, որ միշտ աւելիով արիւնոտ կը դարձնէ Ափրիկեան տարբեր տարածքներ ու աշխարհի տարբեր վայրեր։

Այս ծիրէն ներս Քահանայապետ կարեւորեց ռազմավարութիւն մը որ ներառէ ոչ միայն ապահովական ասպարէզը, այլ նաեւ աղքատութեան նուազեցումը, առողջապահական համակարգի բարելաւումը, մարդկայնական օգնութեան ու խթանման ասպարէզը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իրաւունքներու ու բարի կառավարման զարգացումը։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Սուտանի մասին անոր բնակիչներուն համար հայցելով խաղաղութիւն ու բարօրութիւն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ափրիկէի մասին, որուն համար անցեալ փետրատուին ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը վերջ դնելու համար յիսուն տարի տեւող պատերազմի մը, եւ յոյս յայտնեց որ այս տարի կարողանայ այցելել  Հարաւային Սուտանը։

Միջուկային զէնքերու սեփականութիւնը աշխարհը աւելի ապահով չի դարձներ

«Տարուայ վերջին ճամբորդութիւնս եղաւ Թայլընտն ու Ճափոնը», յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով այդ երկու երկիրներու յատկութիւններուն ու յատկապէս Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքներուն տուած այցելութեան, ուր ականատես եղաւ «ցաւին ու սարսափին» ըսաւ Ան,  հաստատելով որ  Ադոմական զէնքերը ոչ միայն կը յառաջացնեն վախի, հակառակութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ, այլեւ կը կործանեն յոյսը։ Անոնց գործածութիւնը անբարոյ է, ոճիր է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Առանց ադոմական զէնքերու աշխարհ մը կարելի եւ անհրաժեշտ է»։

Սրբազան Պապը նշեց ապա որ 2020 կարեւոր հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ 27 ապրիլէն մինչեւ 22 մայիս Նիու Եորքի մէջ նախատեսուած է «Միջուկային զէնքի չտարածման մասին պայմանագրի քննական 10րդ խորհրդաժողովը» ու մաղթեց որ միջազգային հասարակութիւնը կարողանայ հանգիլ վերջնական ու դրական համաձայնութեան մը։

Աւարտելով առաքելական ճամբորդութիւններու մասին իր անդրադարձները Քահանայապետը ուզեց յիշել նաեւ Աւստրալիան, «որ վերջին ամիսներուն թիրախ է շարունակուող հրդեհներու»,  մօտիկութիւնն ու աղօթքներ ապահովեցնելով բնակչութեան։

ՄԱԿ-ի ստեղծումի 75 ամեակ

Ճառին աւարտին Քահանայապետը վերյիշեց այս տարի յիշատակուող ՄԱԿ-ի ստեղծումին 75 ամեակը՝ որ ծնունդ առաւ 26 Յունիս 1945ին, 46 երկիրներու ստորագրած «Միացեալ Ազգերու պայմանագիրով»։

Կազմակերպութեան հիմնարար սկզբունքներն են խաղաղութեան իղձը, արդարութեան փնտռտուքը, մարդ անհատի արժանապատուութեան յարգանքը ու մարդկայնական համագործակցութիւնն ու օգնութիւնը, որոնք կը ներշնչեն մարդու ոգիին ձգտումները ու կը կազմեն իտէալներ՝ որոնց վրայ պէտք է հիմնուին միջազգային յարաբերութիւնները։

Քահանայապետը հրաւիրեց առ այդ նորոգել հասարակաց բարիքին ի նպաստ գործելու առաջադրութիւնները ապա ակնարկեց այլ երկու կարեւոր յոբելեաններու։ Առաջինը մեծ նկարիչ Ռաֆայէլէ Սանցիոյի մահուան 500րդ տարեդարձը, ապա  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Կոյս Մարիամին Երկինք փոխման հռչակման 70-րդ տարեդարձը։

Կիներու դէմ բռնութիւնները սրբապղծութիւն են

Մարիամին ուղղուած հայեացքով կը մաղթեմ որ աշխարհի մէջ միշտ աւելիով ճանչցուի կնոջ դերակատարութիւնը, ու դադրին ամէն տեսակ անարդարութիւն, անհաւասարութիւն ու բռնութիւն։

«Կնոջ դէմ գործադրուած ամէն մէկ բռնութիւն Աստուծոյ նկատմամբ սրբապղծութիւն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ու քաջալերեց դիւանագիտութեան միջոցաւ նախանձախնդրութեամբ աշխատիլ, կանխելու համար խաղաղութեան իղձին պտուղները, այն համոզումով թէ նպատակը կարելի է։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով յոյսով եւ օրհնութիւններով լի նոր տարի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 11:30