Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակութեան օր Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակութեան օր 

«Այդպիսի ողբերգութեան դիմաց անտարբերութիւնը ընդունելի չէ». Ֆրանչիսկոս Պապը հրէաներու ողջակիզումի յիշատակին առթիւ։

«Յիշել Հոլոքոսթը. Մարդկային կեանք փրկելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փաստագրուած յանձնառումը» նիւթով միջազգային ՄԱԿ-ի մէջ ուսումնաժողով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 Յունուար 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ակնարկելէ ետք  «Աստուածային Խօսքին»  նուիրուած այդ կիրակիին ու Աստուածային Խօսքի կարեւորութեան՝ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, յիշեց թէ 27 Յունուարին կը յիշատակուի՝ ՇՈԱ-ի խորհրդանիշ «Աուշվից - Պիրքընաու» համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրումի 75 ամեակը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սոյն ահռելի ողբերգութեան դիմաց ընդունելի չէ անտարբերութիւնը, ու պարտադիր է յիշողութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «Բոլորս հրաւիրուած ենք կատարելու ամփոփումի ու աղօթքի պահ մը, իւրաքանչիւրս իր սրտին մէջ կրկնելով. այլեւս ոչ երբեք»։

Յայտնենք թէ Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակութեան օրուան առթիւ ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած է «Յիշել Հոլոքոսթը. Մարդկային կեանք փրկելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փաստագրուած յանձնառումը» նիւթով միջազգային ուսումնաժողով,  որուն նպատակն է միջազգային հանրութեան ծանօթացնել Էուճենիօ Փաչելլի  - Պիոս ԺԲ Քահանայապետին ջանքերն ու պայքարը՝  Նացիական հալածանքներու ընթացքին փրկելու հազարաւոր կեանքեր որոնց շարքին էին բազմաթիւ հրեաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2020, 08:44