«Աստուածային Խօսքի Կիրակիին» առթիւ Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ։ «Աստուածային Խօսքի Կիրակիին» առթիւ Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ։ 

«Աստուածային Խօսքի Կիրակիին» առթիւ Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ։

Աստուածային Խօսքը պէտք չէ մնայ լոկ գիրք մը, այլ պէտք է դառնայ մշտական կանչ՝ աղօթքի, ընթերցանութեան, խոկումի եւ ուսումնասիրութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

30 սեպտեմբեր 2019-ին հրապարակուած «Aperuit Illis» Քահանայապետական ինքնագիր նամակով  հաստատուեցաւ «Աստուածային Խօսքի կիրակին», որ այս տարի կը յիշատակուի 26 Յունուարին, եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նշած էր թէ «հաւատքը յառաջ կու գայ ունկնդրութենէն, եւ ունկնդրութիւնը կեդրոնացած է Քրիստոսի խօսքերուն վրայ» առ այդ հրատապ ու կարեւոր է որ «հաւատացեալները յատուկ ուշադրութիւն վերապահեն Տիրոջ Խօսքի ունկնդրութեան, ըլլայ ծիսակատարութեան մէջ, ըլլայ աղօթքի ու անձնական խորհրդածութիւններուն մէջ»։

Ասկէ մեկնելով ու ընդառաջելով բազմաթիւ հաւատացեալներու խնդրանքին է որ Քահանայապետը որոշեց հաստատել Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակի մը,  յորդոր ուղղելով բոլոր  եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, լաւապէս պատրաստելու այդ օրուան քարոզը, որպէսզի պատշաճ կերպով բացատրեն Սուրբ Գիրքին իմաստը, պարզ եւ ունկնդրողի ունակութեան համապատասխան ոճով, «որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասանելի ըլլայ բոլորի սրտին»։

Կիրակի 26 Յունուարի առաւօտեան ժամը 10-ին Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած Պատարագին առթիւ, Սուրբ Խորանին վրայ պիտի զետեղուին Իռլանդայի պաշտպան սրբուհի՝ Քնոքի սրբավայրէն Հռոմ ժամանած Քնոքի Տիրամօր արձանը, որուն պիտի ընկերանան իռլանդացի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Ապա Պատարագի աւարտին Քահանայապետը յատկանշական մէկ արարքով՝ այս առթիւ յատուկէն տպագրուած 40 աստուածաշունչ պիտի յանձնէ առօրեայ կեանքը ներկայացնող 40 անձնաւորութիւններու. եպիսկոպոսէն սկսեալ մինչեւ օտարականը, քահանայէն մինչեւ կրօնուսոյցը, նուիրեալ անձերէն մինչեւ ոստիկանը ու զուիցերացի պահակը, տարբեր ցամաքամասերու դեպաններէն մինչեւ համալսարանական ու դպրոցական ուսուցիչները, աղքատէն՝ լրագրողը, բանտապահէն՝ բանտարկեալը, ընտանիքներէն մինչեւ ոտնագունդի խաղացող Նիքոլօ Զանիոլոն։

Աստուածաշունչը  պիտի յանձնուի նաեւ Օրթոտոքս եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։

Սուրբ Գիրքը պիտի յանձնուի յատկանշելու համար յատուկ ուշադրութիւնը որ կանչուած ենք դնելու Աստուածային Խօսքին վրայ, որպէսզի ան չի մնայ լոկ գիրք մը, այլ դառնայ մշտական կանչ՝ աղօթքի, ընթերցանութեան, խոկումի եւ ուսումնասիրութեան։

Պատարագի աւարտին  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մուտքին Աստուածաշունչի յատուկ տպագրուած օրինակը պիտի բաժնուի նաեւ բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան սրբազան արարողութեան։

«Թող որ Աստուծոյ Խօսին նուիրուած կիրակին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ աճեցնէ Սուրբ Գիրքին հետ կրօնական եւ համոզիչ ծանօթութիւնը,  որպէսզի «Այդ խօսքը ըլլայ մօտիկ մեզի, մեր բերնին մէջ ու մեր սրտին մէջ, ու մենք զայն ի գործ դնենք առօրեայի կեանքին մէջ» մաղթած է Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ ինքնագիր նամակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 09:39