Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ Լիպիոյ մէջ դադրին բռնութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յունուար 2020ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի   հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն հետ միասին արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ողջոյնի խօս ուղղեց անոնց որուն սկիզբը  յատուկէն յիշեց Լիպիոյ հարցին շուրջ Պեռլինի մէջ այսօր գումարուած համաժողովը, մաղթանք յայտնելով որ այդ գագաթնաժողովը ըլլայ սկիզբը դէպի բռնութիւններու կասեցումի ճանապարհին, ու դէպի խաղաղութիւն ու երկրի կայունութիւն տանող բանակցուած լուծումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց որ 2020 միջազգային գետնի վրայ սահմանուեցաւ որպէս «Բուժքոյրի ու մանկաբարձի» տարի։ Բուժքոյրերը ամենամեծ թիւով առողջապահական գործիչներն են ու մանկաբարձները մի գուզէ կը կատարեն ամենէ ազնիւ մասնագիտութիւնը։

«Աղօթենք անոնց համար որպէսզի կարողանան լաւապէս կատարել իրենց թանկարժէք աշխատանքը» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն ՝ անոնց մաղթերով բարի կիրակի  եւ խնդրելով որ բարեհաճին  չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2020, 12:41