Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Խորհրդածութիւնը 26 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքին առթիւ։

«Յիսուսին Բարի Լուրը ընկալելով է որ կարելի կը դառնայ փոխել մեր կեանքին ընթացքը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօրուայ Աւետարանը քաղուած Մատթէոս Աւետարանէն (Գլ. 4, 12-23)  մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսին հրապարակային կեանքին սկիզբը։ Այս պատահեցաւ Գալիլեայի մէջ, Երուսաղէմի համեմատութեամբ արուարձանեային քաղաք որ կասկածութեամբ դիտուած էր հեթանոսներու հետ անոր շփումին համար։ Այդ շրջանէն ոչ մէկ բարի կամ նոր լուր մը չէր սպասուէր, եւ Յիսուս որ մեծցած է Գալիլիոյ Նազարէթ Քաղաքին մէջ ճիշդ այդ վայրէն կը սկսի իր քարոզութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Ան կը հռչակէ իր ուսուցումին կեդրոնական կորիզը որ ամփոփուած է «Ապաշխարեցէք որովհետեւ մօտ է Երկնքի Արքայութիւնը» կոչին մէջ։  Այս մէկը կը նմանի զօրեղ լոյսի մը շողին՝ որ կը խափանէ խաւարը։ Աշխարհի լոյս, Յիսուսին գալուստով, Հայր Աստուած մարդկութեան ցոյց տուաւ իր մօտիկութիւնն ու բարեկամութիւնը, որոնք շնորհուած են անկախ մեր արժանիքներէն։

«Ապաշխարութեան կոչը զոր Յիսուս կ՛ուղղէ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, լիապէս հասկնալի կը դառնայ Աստուածորդիին յայտնութեան դրուագի լոյսին ներքոյ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով  որ «Յիսուսին Բարի Լուրը ընկալելով է որ կարելի կը դառնայ փոխել մեր կեանքին ընթացքը»։

Մենք կանչուած ենք վստահելու Քրիստոսի Խօսքին ու բացուելու Հօր ողորմութեան, թոյլ տալով կերպարանափոխուիլ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով։

Այսպէս է որ կը սկսի ապաշխարութեան ուղեւորութիւնը։ Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ առաջին աշակերտներուն, որոնք աստուածային Վարդապետին հանդիպելով, Անոր հայեացքէն ու խօսքէն մղուելով՝ որոշեցին հետեւիլ Անոր, փոխել իրենց կեանքը ու զայն գործնականապէս դնել Աստուծոյ Թագաւորութեան ծառայութեան տակ։

Յիսուսի խօսքը հասաւ մինչեւ մեզի, որովհետեւ եղան մարդիկ, պարզ ձկնորսներ, որոնք թողեցին իրենց ուռկանները ու Անոր «Այո» ըսին։  Յիսուսին հետ հանդիպումը սկիզբ տուաւ աշակերտներու ուղեւորութեան, զանոնք դարձնելով աւետարանիչներ ու վկաները Աստուծոյ սիրոյն։

«Աստուծոյ Խօսքին այդ առաջին մունետիկներու եւ պատգամաբերներու օրինակով, թող որ մեզմէ իւրաքանչիւրը քալէ Փրկչի հետքերուն վրայ, յոյս նուիրելու համար բոլոր անոնց որոնք ծարաւի են յոյսին»  ըսաւ Սրբազան Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելով որ թիկունք կանգնի մեր այս առաջադրութիւններուն ու անոնց աջակցի իր մայրական բարեխօսութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2020, 12:07