Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց իր աձնին հանդէպ ուղղուած բարեմաղթութիւններուն համար:

Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակի եւ իր ծննդեան 83-րդ տարեդարձին առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հրապարակը գտնուող Իտալացի ուխտաւորները,  Հռոմի Տէ Փրոփականատա Ֆիտէի քահանայապետական վարժարանի Չինացի քահանաներն ու նորընծաները, ինչպէս նաեւ կարգ մը  ժողովրդապետութիւններուն, հաւատացեալներէն կազմուած խումբերը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա  ինչպէս միշտ ողջունելով երիտասարդները, հիւանդները, նորապսակները նշեց :

Արդէն կը մօտենանք Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան տօնին:  Հետեւելով Սուրբ Ընտանիքին օրինակին, պատրաստուինք ուրախութեամբ ընկալելու, եւ թոյլ տանք, որ մեր սիրտը համակուին իւրաքանչիւրիս հանդէպի ունեցած Տիրոջ սիրով: ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ողջոյնի խօսքի աւարտին , Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորելով Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը, շնորհակալութիւն յայտնեց, քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին եւ իր ծննդեան  83-րդ տարեդարձի  զոյգ առիթներով աշխարհի չորս ծագերէն ստացած բարեմաղթութիւններուն եւ շնորհաւորութիւններուն  համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2019, 10:06