Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 5 դեկտեմբերին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ այս ամիս յատկացուած է մանուկներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Իւրաքանչիւր բացառուած մանուկ, Իւրաքանչիւր չարաշահուած մանուկ, իւրաքանչիւր լքուած մանուկ եւ առանց դպրոցի, առանց բժշկական խնամքի մանուկ, դէպի Աստուած բարձրացող ճիչ մըն է» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ, հաստատելով որ «Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ Քրիստոսը, որ որպէս անպաշտպան մանուկ եկաւ մեր աշխարհ։ Քրիստոսն է որ մեզի կը նայի այդ իւրաքանչիւր մանուկներուն միջոցաւ»։

Քահանայապետը հուսկ կը հրաւիրէ աղօթել «Որպէսզի ամէն մէկ երկիր որոշում կայացնէ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու՝ առաջնային դարձնելու համար մանուկներու ապագան ու յատկապէս ապագան այն մանուկներուն որոնք այսօր կը տառապին»։

Մանուկներու իրավիճակին հայող համաշխարհային տեղեկագիրերու համաձայն 2016 -2017 տարիներուն մանկուկները կը կազմէին՝ երկու տոլարէն նուազ գումարով ապրող  900 միլիոն անհատներուն կէսը։ Իսկ 2014-ի տուեալներու համաձայն 160 միլիոն մանուկներ թերաճ էին, մինչ դաստիարակութեան շրջագիծէն ներս 124 միլիոն մանուկներ դպրոց չեն յաճախեր, ու անոր պատճառներէն մին է բազմաթիւ վայրերու մէջ զինային հակամարտութիւնները։ Արդարեւ 250 միլիոն երիտասարդներ կ՛ապրին պատերազմի վայրերուն մէջ ու այս ընկերային տնտեսական ու զինեալ պայմանները արգելք են անոնց զարգացումին ու անոնց խոստումնալիցից ապագայի մը կերտումին։

Նորին Սրբութեան վերոնշեալ տեսանիւթը պատրաստուած է «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի» նախաձեռնութեամբ ու անոր տնօրէնը՝ Հայր Ֆրետետիք Ֆորնոսը, խօսելով Նորին Սրբութեան դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան մասին, կը նշէ որ «Քահանայապետին կոչը որպէսզի իւրաքանչիւր երկիր պատշաճ միջոցներ ձեռնարկէ առաջնութիւն դարձնելու համար մանուկներու ապագան,  չի բացառեր մեզ աշխատանք տանելու այդ ուղղութեամբ, ամէն մին իր պատասխանատուութիւններուն համեմատ»։

Հայր Ֆորնոս կը հրաւիրէ ապա մտաբերել Քահանայապետին խօսքերը ուղղուած ընտանիքներուն. «Դուն Տիկին կամ դուն պարոն ժամանակ կ՛անցնէք ձեզ զաւակներուն հետ. Կը խաղաք անոնց հետ։ Անոնց հետ խաղալն ու ժամանակ անցնելը կարեւոր է եւ ամէն անգամ որ մանուկ մը լքուած է ու տարեց մը բացառուած է, ոչ միայն անարդարութեան արարք մը կ՛իրագործուի այլ կը սահմանուի ընկերութեան ձախողութիւնը»։

Յայտնենք թէ Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը քահանայապետական մէկ հաստատութիւն  է որուն առաքելութիւնն է շարժումի մէջ դնել կաթողիկէները՝ աղօթքի ու գործունէութեան միջոցաւ դիմագրաւելու համար  մարդկային եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մարտահրաւէրները։ Այդ մարտահրաւէրները ամէն ամիս ներկայացուած են  աղօթքի դիտաւորութիւններով զոր Քահանայապետը կը յանձնէ համայն եկեղեցւոյ։

Ցանցը հիմնուած է 1844-ին որպէս աղօթքի առաքելութեան ցանց ու ներկայ է 98 երկիրներուն մէջ որուն մաս կը կազմեն 35 միլիոն կաթողիկէներ։ Ան ունի նաեւ երիտասարդաց  բաժանմունքը։ Քահանայապետը անոր նոր սահմանադրութիւնը վաւերացուց 2018ի մարտին։

Յաւելեալ երկփեղկութիւն կարելի ստանալ www.popesprayer.va   կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 16:00