Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Մսուրը տնային Աւետարան» Ֆրանչիսկոս Պապին 18 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Մսուրը մեզի կը յիշեցնէ որ կեանքին մէջ կարեւոր չէ իրերուն քանակը, այլ սիրոյ որակը ...

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Մսուրին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, մէկ շաբաթէն Սուրբ Ծնունդ է ու այս օրերուն երբ պատրաստութիւններ կը տեսնենք տօնին համար կարող ենք մենք մեզի հարց տալ «Ինչպէ՞ս կը պարտասուիմ նախանշուած Ծննդեան տօնին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ  ու այդ պատրաստութեան պարզ սակայն արդիւնաւէտ կերպ մը՝ մսուրը շինելն է։

Ես ալ հետեւեցայ այդ ճանապարհին ու այս տարի այցելեցի Կրէչչոն ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կառուցեց առաջին մսուրը։ Ապա հրապարակեցի նամակ մը յիշեցնելու համար այդ աւանդութեան իմաստը։

Մսուրը արդարեւ կենդանի Աւետարանի նման է։ Ան Աւետարանը կը տանի այնտեղ ուր կ՛ապրինք, տուներու, դպրոցներու, աշխատանքի եւ հանդիպումի վայրերուն մէջ, հիւանդանոցներու, բանտերու ու հրապարակներու վրայ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ հիմնական իրականութիւն մը՝ թէ Աստուած անտեսանելի չի մնաց երկնքի մէջ, այլ եկաւ աշխարհ, մարդեղացաւ։ Եւ Մսուրը շինելով կը տօնախմբենք Աստուծոյ մօտիկութիւնը կը վերագտնենք Աստուծոյ իսկականութիւնը։  Ան հեռաւոր Տէր մը չէ,  ոչ ալ անջատուած դատաւոր, Ան հեզաբարոյ սէր է, որ կ՛ապրի մեզի հետ։

Մսուրին մէջ Մանուկը մեզի կը փոխանցէ քնքշութիւնը, եւ գեղեցիկ է մսուրին առջեւ կանգ առնել ու կեանքի Տիրոջ հետ խօսիլ Անոր յանձնելով մեր սրտի մտահոգութիւնները, Անոր հետ միասին տարուան հաշուեկշիռը կատարելով ու կիսելով սպասումներ եւ անձկութիւններ։

Յիսուսին մօտ կը տեսնենք Տիրամայրը եւ Սուրբ Յովսէփը ու կարող ենք երեւակայել անոնց մտածումներն ու զգացումները մինչ Մանուկը կը ծնէր աղքատութեան մէջ. Ուրախութիւն եւ վրդովմունք։

Մսուրը տնային Աւետարան է ու մսուր բառը կը նշանակէ «անասուններու կերատաշտ» մինչ Բեթղեհէմ կը նշանակէ «հացի տուն»։ Մսուրը մեզի կը յիշեցնէ որ Յիսուս հիմնական սնունդն է՝ կեանքի հացը. Ան է որ սնունդ կու տայ մեր սիրոյն, մեր ընտանիքներուն ուժ կը պարգեւէ՝  յառաջ ընթանալու ու իրար ներելու։

Մսուրը ապա մեզի կը մատուցէ կեանքի այլ ուսուցում։ Ան հրաւէր է խոկումի։ Մեզի կը յիշեցնէ կանգ առնելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ միայն երբ գիտենք ամփոփուիլ այն ժամանակ կարող ենք ընկալել այն ինչ որ էական է կեանքին մէջ։ Միայն երբ տունէն դուրս թողունք աշխարհին ժխորը կը բացուինք Աստուծոյ ունկնդրութեան,  որ կը խօսի լռութեան մէջ։

Մսուրը մեզի կը յիշեցնէ որ կեանքին մէջ կարեւոր չէ իրերուն քանակը, այլ սիրոյ որակը ու մեր հայեացքը սեւեռելով  Աստուծոյ վրայ, որ աղքատ է ինչքերով սակայն հարուստ է սիրով, մեզ կը կոչէ էականին։

Մինչ աշխարհի մէջ ամէն օր կը շարունակուին արտադրուիլ զէնքեր ու բազմաթիւ բռնարար պատկերներ, որոնք կը դրոշմուին աչքերու ու սրտերու մէջ, մսուրը մեզի կու տայ խաղաղութեան արհեստի պատկերը։

Մսուրին մէջ գտնուող Մանուկ Յիսուսին մէջ կը գտնենք ներդաշնակութիւնը։ Այնտեղ  համախմբումի վայր է։ Մոգերը, հովիւները, թագաւորներն ու աղքատները, ծերերն ու փոքրիկները։ Այնտեղ մարդուն ու արարչութեան միջեւ ներդաշնակութիւնն ալ կը վերանորոգուի, ինչպէս կ՛առաջարկեն եզն ու էշը եւ բանկան տեսարանները։

Մսուրը արդարեւ մեզի կը յիշեցնէ որ Յիսուս կու գայ մեր շօշափելի կեանքին մէջ ու մեզի կը յիշեցնէ թէ առօրեայի մէջ, թէեւ կը թուի որ ամէն ինչ յառաջ կ՛ընթանայ բնականոն կերպով, կայ որոշակի նորութիւն մը՝ այն է թէ այլեւս մենք միայնակ չենք։ Տէրը մեզի հետ է։ Ան կախարդական կերպով չի փոխեր իրողութիւնը, սակայն եթէ ընդունինք զինք, ամէն ինչ կարող է փոխուիլ։

Կը մաղթեմ ուրեմն  որ մսուրը շինելը առիթ ըլլայ Յիսուսը հրաւիրելու ձեր կեանքէն ներս, որովհետեւ եթէ Ան ապրի մեր կեանքին մէջ, կեանքը կը վերածնի եւ այդպէսով իսկապէս Սուրբ Ծնունդ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2019, 10:29