Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդկրութեան խորհրդածութիւնը։

Կապանքները կարող են բանտարկել քարոզիչը, սակայն ոչ մէկ իշխանութիւն ունին Աստուծոյ Խօսքին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Քիչ մնաց որ համոզես զիս քրիստոնեայ ըլլալու»:  Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ պիտի խնդրէի որ ո՛չ միայն դուն, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ այսօր կը լսեն զիս, բոլորովին ինծի պէս ըլլան, այս կապերէն զատ»:

Գործք առաքելոցի գիրքէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ՝ չորեքշաբթի 11 դեկտեմբերի առաւօտեան, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով մեկնաբանել Գործք Առաքելոցի գիրքը Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը սկսաւ ըսելով. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Գործք առաքելոցի գրքին մէջ պատմուած Աւետարանի ճանապարհորդութիւնը աշխարհին մէջ կը շարունակուի եւ Սուրբ Պօղոսի վկայութիւնը միշտ աւելիով դրոշմուած է տառապանքի կնիքով»։

«Պօղոսը եռանդով լի աւետարանողը չէ միայն, հեթանոսներու միջեւ յանդուգն առաքեալը որ կեանքը կու տայ  քրիստոնեայ նոր հասարակութիւններու, այլեւ տառապող վկան Յարուցեալին (Գործք Առաքելոց 9, 15-16 )», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ «Անոր Երուսաղէմ ժամանումը, քաղաքը ուր Յիսուս իրմէ առաջ հակառակութիւն գտած էր, հրահրեց վայրագ ատելութիւն իրեն  հանդէպ»։

Երբ տաճար կ՛երթայ զինք կը ճանչնան  ու դուրս տանելով կը փորձեն սպաննել ու միայն  Հռոմէացի զինուորներու միջամտութիւնը կը փրկէ անոր կեանքը։

Ան կը մեղադրուի գործելու եւ սորվեցնելու օրէնքի ու տաճարի հակառակ։ Կը ձերբակալեն զինք սակայն Հռոմէական իշխանութեան կողմէ ան անմեղ կը հռչակուի։ Ղուկաս կ՛ընդգծէ Յիսուսի ու Սուրբ Պօղոսի ապրած փորձառութեան նմանութիւնը։  Այսպէսով Պօղոս կը հետեւի իր Վարդապետի հետքերուն ու անոր տառապանքը կը դառնայ կենդանի Աւետարան։

Ան կը տարուի Ագրիպպաս թագաւորին առջեւ ուր կը դաւանի Յիսուս Քրիստոսը որ իր կեանքին կեդրոնն է։  Նոյնիսկ երբ իր անձին մասին կը խօսի Պօղոս կը շեշտէ Տիրոջ կեդրոնականութիւնը որովհետեւ իսկական առաքեալը միշտ Քրիստոսը կ՛ընտրէ որպէս կեդրոն – ըսաւ Սրբազան Պապը։

Պօղոս ապա կը պատմէ իր դարձի պատմութիւնը՝ Քրիստոս Յարուցեալը որ զինք Քրիստոնեայ դարձուց ու իրեն  յանձնեց հեթանոսներու առաքելութիւնը, «որպէսզի անոնց աչքերը բացուին, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով Քրիստոսին”»

Պօղոս հաւատարիմ եղաւ իր առաքելութեան, ու կապանքները որ ան կը կրէ «Աւետարանին» համար կը վկայեն այդ հաւատարմութիւնը։  Անոր վկայութիւնը կը դպչի Ագրիպպաս  թագաւորի սրտին որ Սուրբ Պօղոսին կ՛ըսէ «Քիչ մնաց որ համոզես զիս քրիստոնեայ ըլլալու»: 

Թէեւ Պօղոս անմեղ կը յայտարարուի սակայն ազատ չեն արձակեր զինք, որովհետեւ դիմած էր Կեսարին ու այդպէս է որ Աստուած Խօսքին ուղեւորութիւնը կը շարունակուի դէպի Հռոմ։ Մինչ Սուրբ Պօղոսի կեանքը այդ պահէն սկսեալ կը յատկանշուի բանտարկութեամբ, կապանքներով ու տառապանքով։

Կապանքները կարող են բանտարկել քարոզիչը, անոնք սակայն ոչ մէկ իշխանութիւն ունին  Աստուծոյ Խօսքին վրայ որ  գերազանցօրէն ազատ է եւ կը գործէ պատմութիւնը վերափոխելու համար։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Պօղոս մեզի կը սորվեցնէ յարատեւութիւնը դժուարութեան մէջ ու կարողութիւնը ամէն ինչ տեսնելու հաւատքի աչքերով։

Առաքեալի բարեխօսութեամբ Տիրոջմէ հայցենք որ վերակենդանացնէ մեր հաւատքը ու մեզ օգնէ հաւատարիմ մնալու մեր միսիոներ աշակերտներու  կոչումին մինչեւ վերջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2019, 10:04