Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին» Սուրբ Պօղոսի առաքելութիւնը Եփեսոսի մէջ։

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց Գործք Առաքելոց գիրքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 «Եւ հիմա, եղբայրնե՛ր, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքի խօսքին, որ կարող է շինել եւ ձեզի ժառանգութիւն տալ՝ բոլոր սրբացածներուն հետ: Ո՛չ մէկուն արծաթին, կամ ոսկիին, կամ պատմուճանին ցանկացի: Դուք ձեզմէ գիտէք թէ այս ձեռքե՛րս հոգացին իմ ու ինծի հետ եղողներուն կարիքները:  Ամէն բան ցոյց տուի ձեզի, թէ ա՛յսպէս պէտք է աշխատիլ եւ օգնել տկարներուն, ու յիշել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ի՛նք ըսաւ. “Աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան ստանալը”»: (Գործք Առաքելոց 20, 32-35).

Գործք առաքելցոի վերոնշեալ հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, շարունակելով խօսիլ Աւետարանի աշխարհի մէջ ուղեւորութեան մասին որ «կ՛անցնի Եփեսոս քաղաքէն» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ունկնդրէ լուրը

«Շնորհիւ Սուրբ Պօղոսին տասներկու մարդիկ կ՛ընդունին Սուրբ Մկրտութիւնը եւ կը փորձարկեն Սուրբ Հոգւոյն գալուստը, որ  զանոնք կը վերակենդանացնէ մինչ առաքեալներու միջոցաւ հրաշքներ կը կատարուին»։

«Այս կը պատահի որովհետեւ աշակերտը կը նմանի իր Վարդապետին ու զայն ներկայ կը դարձնէ եղբայրներուն հաղորդելով նոր կեանքը որ ընդունած է Անորմէ։ Իւրաքանչիւր աւետարանող արդարեւ գիտակից է թէ ինք առաքելութիւն մըն է այս աշխարհի վրայ ու գիտէ թէ «հուրով դրոշմուած է» լուսաւորելու, օրհնելու, վերակենդանացնելու, բժշկելու ու ազատելու առաքելութեան համար»։

Պօղոսն ալ կը ճանչնայ այդ դրոշմը եւ ասոր համար ինքզինք չի խնայէր աւետարանելու առաքելութեան մէջ։

Աստուծոյ զօրութիւնը կը ներխուժէ Եփեսոս ու կը դիմակազրկէ անոնք որոնք առանց հոգեւոր իշխանութեան կ՛ուզեն Յիսուսին անունը օգտագործել թեւեր վտարելու համար, սակայն ի յայտ կու գայ անոնց կախարդական արուեստին տկարութիւնը, ու բազմաթիւ անձեր կը հեռանան անոնցմէ ողջագուրելով եւ ընտրելով Քրիստոսը։

«Քրիստոսի մէջ հաւատքն ու կախարդութիւնը անհամատեղելի են։ Եթէ Քրիստոսը կ՛ընտրես չէս կրնար կախարդին դիմել։ Հաւատքը ամբողջական յանձնում է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքերուն ու դիտել տալով թէ ինչպէս Եփեսոսի մէջ Աւետարանի տարածումը սպառնալիք դարձաւ նաեւ առեւտուրին, տրուած ըլլալով որ քաղաքին մէջ տարածուած էր կախարդութիւնը ու Արտեմիս չաստուածուհիին նկատմամբ բարեպաշտութիւնը։

Ասոր համար Պօղոսն ու քրիստոնեաները կը մեղադրուին եւ Առաքեալը կը մեկնի Եփեսոսէն, հասարակութեան երէցներուն ուղղելով պատգամ մը որուն մէջ ան կը մատնանշէ իր ամբողջական յանձնառումին ու Աւետարանը հռչակուելու համար իր կրած բոլոր տառապանքներուն։ Ան ապա կը նախատեսէ  նոր ժամանակն ու ապագան որ զինք կը սպասէ, որ յատկանշուած է Սուրբ Հոգիին վստահութեամբ յանձնումով, որ զինք կ՛առաջնորդէ, իր Տիրոջ ու Վարդապետի նման՝ Երուսաղէմ ուր պիտի շարունակէ վկայութիւն տալ Աւետարանին։

Առաքեալը հուսկ կը քաջալերէ հասարակութեան պատասխանատուները  ըսելով «Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով»։

«Սուրբ Պօղոս երէցներէն կը խնդրէ որ մօտիկ ըլլան հօտին ու զայն պաշտպանեն գայլերէն, որոնք կը սպառնան եկեղեցւոյ հաղորդութեան ու անոր վարդապետութեան։ Ան ապա զանոնք կը դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ու զանոնք կը յանձնէ «Անոր շնորհքի խօսքին» որ թթխմորն է Եկեղեցւոյ սրբութեան ուղեւորութեան ու աճումին, հրաւիրելով զանոնք աշխատելու ու բեր չ՛ըլլալու ուրիշներուն, հոգ տանելով տկարներուն ու փորձարկելով թէ աւելի հաճելի է տալը քան ստանալը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հայցենք Տիրոջմէ որ մեր մէջ նորոգէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ սէրը ու սէրը անոր մէջ պահպանուած հաւատքի աւանդին, ու մեզ բոլորս համապատասխանատու դարձնէ հօտին պաշտպանութեան մէջ, աղօթքի միջոցաւ թիկունք կանգնելով Հովիւներուն, որպէսզի յայտնեն Աստուածային Հովիւն քնքշութիւնն ու անոր վճռակամութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 09:36