Ֆիլիփինի մրրիկի հետեւանքները Ֆիլիփինի մրրիկի հետեւանքները  

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Ֆիլիփինի Մրրիկի զոհերուն։

«Կ՛աղօթեմ բազմաթիւ զոհերուն համար, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ 26 դեկտեմբերին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքին աւարտին՝ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, յայտնեց թէ կը միանայ Ֆիլիփինի բնակչութեան ցաւին որ թիրախ դարձաւ «Ֆանֆոն» Մրրիկին։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՛աղօթեմ բազմաթիւ զոհերուն համար, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով հաւատացեալները միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը զայն  նուիրելով՝ «այն ժողովուրդին որ շատ կը սիրեմ» յարեց Ան։ Յայտնենք թէ  «Ֆանֆոն» մրրիկին պատճառաւ զոհուեցան 16 անձինք ու կան բազմաթիւ վիրաւորներ մինչ այլ վեց անհատներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկելով Սուրբ Ծննդեան տօնի ուրախութեան «որ մեր սրտերը երջանկութեամբ կը լեցնէ», մաղթեց որ ան «մեր մէջ հրահրէ իղձը խոկալու Յիսուսին՝ մսուրի քարայրին մէջ, որպէսզի ապա Անոր ծառայենք ու սիրենք զինք մեր եղբայրներուն մէջ, յատկապէս կարիքաւորներուն մէջ, ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն շնորհաւորական ուղերձներուն որ ընդունեց տօնական օրերուն առթիւ, եւ «յատկապէսս աղօթքի նուէրին համար» ըսաւ Ան։

«Կարելի չէ բոլորիդ պատասխանել սակայն կը վստահեցնեմ թէ կ՛աղօթեմ իւրաքանչիւրիդ համար» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2019, 12:28