Ֆրանչիսկոս Պապ դպրոցի տուած այցելութեան ընթացքին: Ֆրանչիսկոս Պապ դպրոցի տուած այցելութեան ընթացքին: 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Երազները հոգիին թթուածինն է:

Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի մէկ դպրոցի մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի «Փիլօ Ալպերթելլի» անուան դպրոցին: Այցելութեան ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ դպրոցի դասատուներուն եւ աշակերտներուն հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Շուրջ 40 վայրկեան տեւող այցելութեան ընթացքին , ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց աշակերտներուն իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն: 

Անպատրաստից խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս շօշափեց անշահախնդիր սիրոյ,  գաղթականութեան, խաղաղութեան, կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան հայող նիւթեր: Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ դպրոցի տուած անակնկալ այցելութեան ընթացքին աշակերտներուն հետ խօսած է անշահախնդիր սիրոյ, կեանքի փոքրիկ զոհողութիւններուն մասին, ընդգծելով որ երազները հոգիին թթուածինն է:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է նաեւ աշակերտի եւ ուսուցիչի միջեւ յարաբերութեան: Յիշելով իր հոգեւոր հայրը, հայր Միկէլ Անճէլ Ֆիոիրթոն Ֆրանչիսկոս Պապ աշակերտի եւ ուսուցիչի միջեւ յարաբերութիւնը նկատած է որբպէս պարգեւ:

Հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով բոլորին շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ, յիշած է այսօր՝ առաւօտուն, ՄԱԿ- ի քարտուղարին հետ ունեցած հանդիպումը եւ որուն աւարտին ըլլայ ինք, ըլլայ ՄԱԿ-ի քարտուղարը, յղած են խաղաղութեան ի սպաս պատկերասփռուած ուղերձ մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 12:32