Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Վատիկանի մէջ ցուցադրուած մսուրները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պիոս Ժ հիւանդանոցի դահլիճներէն մէկուն մէջ տեղի կ՝ունենայ, աշխարհի 30  երկիրներէ բերուած աւելի քան 130 մսուրներ՝ պատրաստուած տարբեր, արուեստական ոճերով եւ հեղինակաւոր արուեստագէտներու կողմէ : Կարգ մը մսուրներ պատրաստուած են նաեւ պարզ եւ գեղեցիկ ոճով, կարգ մը դպրոցի աշակերտներուն կողմէ:

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ ձեռնարկը մաս կը կազմէ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն՝ կազմակերպուած ֆրանչիսկոս Պապին մսուրի արժէքին ու իմաստին  մասին հրապարակած առաքելական նամակին առիթով: Մսուրներուն ցուցադրութիւն բաց պիտի մնայ հանրութեան առջեւ մինչեւ յառաջիկայ 20 յունուար 2020:

Երկուշաբթի 9 դեկտեմբերն, յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն տուաւ Պիոս Ժ հիւանդացուցին, ուր ցուցադրուած են մսուրները:

Նորին Սրբութեան ընկերացած էր քահանայապետական նոր աւետարանումի խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան:  

Ֆրանչիսկոս Պապ հիացմունքով եւ ուրախութեամբ նայեցաւ աշխարի  30 երկիրներէն հասած մսուրներուն:  Ան պահ մը կանգ առաւ մսուրի մը դիմաց , որուն մէջ զետեղուած է սպիտակ հագուստով զինք պատկերացնող արձանիկ մը:

Մսուրներուն տուած այցելութեան ներկայ էին նաեւ մսուրներուն արուեստագէտ հեղինականները:  մինչ Պուտաբէշտէն ժամանած երգչախումբը հնչեցուցին ծննդեան գեղեցիկ երգեր:

Մսուրներուն տուած այցելութիւնը վերջ գտաւ ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւններով ու աղօթքով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2019, 08:57