Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն հանրային 24-րդ նիստի առթիւ:

Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն հանրային ժողովին ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ քահանայապետական կաճառներու մրցանակի պարգեւատրում՝ ձեռամբ Վատիկանի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին, Հռոմի մէջ գումարուեցաւ Քահայանայապետական գիտութիւններու կաճառներուն հանրային ԻԴ ժողովը: Այս առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը ուղղեց քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիին:

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն հանրային ժողովին ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ քահանայապետական կաճառներու մրցանակի պարգեւատրում՝ ձեռամբ Վատիկանի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի:

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապի իր սիրալիր ողջոյնները փոխանցած է կարդինալ Ռաւազիին,  եպիսկոպոսներուն, դեսպաններուն,  քահանայապետական կաճառներուն անդամներուն ու բարեկամներուն:  

Ան ապա անդրադառնալով գիտութիւններուն կաճառներուն դերին, նշած է որ կաճառը այն վայրն է ուր գիտելիքը կը դառնայ ծառայութիւն, որովհետեւ առանց համագործակցութենէ ծնած գիտելիքին չկայ մարդկային համապարփակ զարգացում: Կաճառը սինոդականութեան տիպարի փորձառութիւնն  ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան պատկանող աւետարանումի ուժն է:

Ֆրանչիսկոս Պապ պապ նշած է  որ այս տարուան  քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն մրցանակաբաշխումը հրաւէր է միշտ նշելու աւետարանի մշակոյթին միջեւ արդիւնաբեր կապը:

Ան ապա  շնորհաւորած է Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն այս տարուան  հանրային 24-րդ նիստն ու մրցանակաբաշխումը կազմակերպող Քահանայապետական Mariana Internationalis կաճառը, հաստատութեան հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով:

Ֆրանչիսոկս Պապ ապա ակնարկելով հանրային ժողովին նիւթին «Մարիամը, խաղաղութեան եւ մշակոյթներուն միջեւ ուղին  նշած է,  որ այդ նիւթը եզրակացութիւնն է  քահանայապետական կաճառին ուղեւորութեան,  աւելցնելով որ  երկու համաշխարհային պատմութիւններուն ողբերգական փորձառութիւնը,  Պիոս ԺԲ Պապը մղած է Տիրամօր  մէջ տեսնելու խաղաղութեան փարոսը՝ մտահոգուած եւ վախի մատնուած մարդկութեան համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա անդրադարձած է  Քահանայապետական Mariana Internationalis կաճառին նշելով, որ այդ կաճառը,  Մարիաբանական գիտութիւններուն եւ գիտական որոնումներուն միջոցաւ միշտ  ընկերացած է Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետութեան, աւելցնելով որ կաճառին այդ աշխատանքները յստակ վկայութիւն են, որ Մարիաբանութիւնը հրամայական ներկայութիւն է մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան, որ կարող է խթանել եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերած է  քահանայապետական կաճառը շարունակելու աստուածաբանական որոնումները, յատուկէն մարիաբանական գիտութիւններու մէջ:

Նորին Սրբութիւն ապա Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճառներուն այս տարուան մրցանակի դափնեկիր նշանակած է տիկին Լոփէզ Քալտերոնի, փորթուկալներէն լեզուով հրապարակած ուսումնասիրութեան համար:

Ան Պատգամը աւարտած է հայցելով Տիրամօր հովանին բոլորին վրայ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 19:00