Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնի քարոզը «Աստուծոյ շնորհքը երեւեցաւ՝ շողալու համար քու կեանքիդ մէջ։»

Մինչ աշխարհի վրայ ամէն ինչ կը հետեւի տրամաբանութեան մը, տալ՝ ունենալու համար, Աստուած կը հասնի ձրիօրէն։ Անոր սէրը վաճառելի չէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբերին, երեկոյեան, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին ճրագալոյցի առթիւ  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ Պատարագ: Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին սկիզբը, Ան մէջբերեց Սուրբ Գրային ընթերցումներէն մի քանի հատուածներ, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Ունկնդրէ պատգամը

«Ժողովուրդը որ խաւարի մէջ էր պայծառ լոյս մը տեսաւ» (Ես Թ. 1)։ Այս մարգարէութիւնը կʼիրականանայ Աւետարանին մէջ։ Երբ հովիւները իրենց հօտերուն վրայ կը հսկէին, «Տիրոջ փառքը» զանոնք պարուրեց լոյսով (Ղուկ Բ. 9)։ Երկրի գիշերուան մէջ երեւցաւ լոյս մը երկնքէն։ «Աստուծոյ շնորհքը երեւեցաւ». Այս գիշեր երեւեցաւ Աստուծոյ շնորհքը, որ «մարդոց փրկութիւն կը բերէ» (Տիտ Բ. 11)։

Վերոնշեալ սուրբ գրային հատուածները մէջբերելէ ետք Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ ըսաւ..

Այս շնորհքը աստուածային սէրն է, այն սէրը՝ որ կը փոխակերպէ կեանքը, կը նորոգէ պատմութիւնը, կʼազատէ չարէն, կը խորացնէ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը։ Այս գիշեր մեզի ցոյց տրուեցաւ Աստուծոյ սէրը՝ Յիսուս։ Աստուած Մանուկ եղաւ Յիսուսի մէջ, որպէսզի զինք գրկենք։ Այս կʼանուանենք շնորհք, որովհետեւ ձրիատուր է։

Մինչ աշխարհի վրայ ամէն ինչ կը հետեւի տրամաբանութեան մը, տալ՝ ունենալու համար, Աստուած կը հասնի ձրիօրէն։ Անոր սէրը վաճառելի չէ. մենք ոչինչ ըրինք արժանանալու Անոր եւ երբեք պիտի չկարենանք հատուցանել։

Երբ մենք բարձրութեան վրայ չէինք՝ Ան մեզի համար փոքրացաւ. երբ մենք մեր հաշւոյն կʼընթանայինք՝ Ան եկաւ մեր մէջ։ Սուրբ Ծնունդը կը յիշեցնէ, թէ Աստուած կը շարունակէ սիրել իւրաքանչիւր մարդ, նաեւ յոռեգոյնները։ Անոր սէրը նախապայմաններ չի պահանջեր եւ կախեալ չէ մեզմէ։ Ան մեզ կը սիրէ նոյնիսկ երբ կը մեղանչենք։ Անոր սէրը փոփոխական եւ դիւրագրգիռ չէ. Ան հաւատարիմ է եւ համբերող։ Ահա այս է Սուրբ Ծննդեան նուէրը։

«Շնորհք»ը հոմանիշ է գեղեցկութեան։ Այս գիշեր կը յայտնուի Տիրոջ սիրոյն գեղեցկութիւնը։ Ապա նաեւ կը յայտնաբերենք մեր գեղեցկութիւնը, որովհետեւ սիրուած ենք Աստուծոյ կողմէ՝ թէ բարիի եւ թէ չարութիւններու մէջ, առողջ կամ հիւանդ վիճակով, ըլլանք երջանիկ կամ տխուր՝ Անոր աչքերուն մենք միշտ գեղեցիկ կʼերեւինք։ Մեր գեղեցկութիւնը մեր էութեան կորիզն է։ Այսօր Աստուած մեզի ա՛յդ կը յիշեցնէ, սիրով իւրացնելով մեր մարդկային էութիւնը։

Մեծ ուրախութիւնը կʼաւետուի հովիւներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին։ Հովիւները սուրբ չէին, ինչպէս որ մենք սուրբ չենք՝ մեր դիւրաբեկութեամբ եւ տկարութիւններով։ Աստուած մեզ ալ կը կանչէ, ինչպէս կանչեց հովիւները, որովհետեւ կը սիրէ մեզ։ Մեզի ալ կʼուղղէ խօսքը՝ «մի վախնաք» (Ղուկ Բ. 10)։ Այս գիշեր սէրը կը յաղթահարէ վախը, նոր յոյս մը երեւան կու գայ, Աստուծոյ ազնիւ լոյսը կը յաղթահարէ մարդկային ամբարտաւանութեան խաւարը։

Ընդունելով այս բոլոր շնորհքները, պէտք է մենք ալ փնտռենք զԱստուած եւ թոյլ տանք որ ինք մեզ փնտռէ։ Չմեկնինք մեր կարողութիւններէն, ալ Անոր շնորհքէն, որովհետեւ Ան, Յիսուս, Փրկիչն է։ Սուրբ Ծննդեան առթիւ մենք մեզի հարց պէտք է տանք՝ «թոյլ կու տա՞մ որ Աստուած զիս սիրէ։ Ինքզինքս կը յանձնե՞մ Անոր սիրոյն՝ որ կու գայ զիս փրկելու։»

Աստուծոյ այսպիսի մեծ շնորհքը արժանի է երախտագիտութեան։ Ընդունիլ շնորհքը կը նշանակէ գիտնալ շնորհակալ ըլլալ։ Այսօր ճիշտ օրն է մօտենալու տապանակին, մսուրին, եւ շնորհակալ ըլլալու։ Պէտք է շնորհակալ ըլլալ եւ պահպանել այս շնորհքը. եւ սրբութիւնը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ պահպանումը այս երախտագիտութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը ըսելով «Սիրելի եղբայր, սիրելի քոյր, եթէ կը կարծես թէ քու ձեռքերդ դատարկ են, եթէ կը տեսնես թէ քու սիրտդ աղքատ է սիրոյ մէջ, ահա այս գիշերը քեզի՛ համար է։ Աստուծոյ շնորհքը երեւեցաւ՝ շողալու համար քու կեանքիդ մէջ։ Ընդունէ զայն, ապա քու մէջդ պիտի շողայ Սուրբ  Ծննդեան լոյսը։

Մինչ աշխարհի վրայ ամէն ինչ կը հետեւի տրամաբանութեան մը, տալ՝ ունենալու համար, Աստուած կը հասնի ձրիօրէն։ Անոր սէրը վաճառելի չէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 22:16