Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Կուատալուփէ Տիրամօր ծիսական տօնին առթիւ:

Սուրբ Կոյս Մարիամի երեք տիտղոսները ,տիկին-կին, Մայր եւ խառնածին :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Կուատալուփէ Տիրամօր ծիսական տօնին սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Կուատալուփէի Տիրամայրը եւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումները կը յիշեցնեն Տիրամօր վերագրուած երեք ածականներ. Տիկին- կին, Մայր եւ խառնածին:

Մարիամը կին է: Ան կը ներկայանայ իբրեւ կին եւ առաքեալ: Քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը ժամանակի հոլովոյթին Տիրամօր գովքը հիւսած է  նոր տիտղոսներով: Որդիական տիտղոսներով, Աստուծոյ ժողովուրդի սիրոյ տիտղոսներով, սակայն այս բոլորէն ոչ մէկը կը դպչէր անոր կին – առաքեալ ըլլալու հանգամանքին:

Սուրբ Կոյս մարիամը հաւատարիմ գտնուելով իր Որւդւոյն՝ միակ Փրկիչին,  երբեք չուզեց իրեն համար բան մը առնել իր Որդիէն: Ան երբեք չներկայացաւ որպէս «համա -փրկիչ:»   

Մարիամը մեր մայրն է:Մայր մեր ժողովուրդներու, մայր եկեղեցւոյ, է նաեւ Եկեղեցւոյ պատկերը:  Եկեղեցին իգական է եւ մեր հոգին ունի Աստուծոյ շնորհքը ընկալելու կարողութիւնը:

Կինը, այս Մարեմեան սկզբունքով, եկեղեցիէն ներս ունեցած դերակատարութիւնը կ՝երթայ աւելի անդին: Ան  եկեղեցին կը մայրացնէ եւ զայն կը փոխակերպէ Սուրբ Մայր Եկեղեցի դարձնելով:

Խառնածին: Մարիամը Աստուծոյ խառնածինը: ճշմարիտ Աստուծոյ եւ ճշմարիտ մարդու խառնածինը՝ իր Որդւոյն մէջ::

Մարիամը կին է, Տիկինն եւ Մայր է: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2019, 11:47