Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆլամինիօ մարզի նորընծայարանի անդամները

Նորընծայարանը աղօթքի, ուսումի եւ հաղորդութեան տունն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Ֆլամինիօ մարզի քահանայապետական նորընծայարանի անդամները, նորընծայարանի հիմնադրութեան յոբելենական տարեդարձի հարիւր ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորելով նորընծայարանի հիմնադրութեան հարիւր ամեակը, սոյն հանդիսութիւնը առիթ նկատեց  խոկալու քահանայական կոչումին գեղեցկութեան մասին ընդգծելով, որ կոչումը քահանաներուն շնորհուած պարգեւ մըն է դառնալու Բարի Հովիւին ներկայացուցիչը՝ ժողովուրդին մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց կոչումի,առաքելութեան պատրաստուելու կարեւորութեան նշելով, որ այդ առաքելութեան պատրաստութեան համար Մայր եկեղեցին կը խնդրէ, որ նորընծաները ապրին լուրջ կազմաւորումի ժամանակարջան մը   որուն լաւագոյն կերպով կը նպաստէ նորընծայարանի մթնոլորտը:  նորընծայարանը աղօթքի, ուսումի եւ հաղորդութեան տունն է: Հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ      

Ան ապա նշեց, որ հաւատացեալները յոյժ կարիքը ունին ամուր հաւատք ունեցող քահանաներուն, որոնք գիշերուան լոյսն են եւ ամուր ժայռը, որուն կարելի է կպչիլ: ֆրանչիսկոս Պան դիտել տուաւ որ զօրաւոր հաւատքը կը  մշակուի անձնական յարաբերութիւններուն եւ Յիսուսի անձին հետ յարաբերութեան միջոցաւ: Ան ապա ընդգծեց հոգեւոր կազմաւորումի կարեւոր ութինը, նշելով որ նորընծայարանի տարիները նպաստաւոր են սորվելու Յիսուսին կողքին գտնուելու, համտեսելով Անոր առաքեալները ըլլալու շնորհքը՝ ունկնդրութեան եւ խոկումի միջոցաւ :

Ան ապա հաստատեց թէ նորընծայարանը ուսումի եւ հաղորդութեան վայրն է,  ունկնդրութեան, երկխօսութեան եւ ուրիշներուն հանդէպ բացուածութեան վայր,  ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսի հետ հաղորդութեան վայրը: Այս գծով Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց եղբայրութեան կարեւորութիւնը,  նախ նորընծաներուն միջեւ ապա քահանաներուն միջեւ, առաքելական հոգիով բնորոշուած եղբայրութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը յիշելով, որ երէկ Անարատ Յղութեան տօնն էր: Ան նշեց, որ Տիրամայրը կը շողայ եկեղեցիին մէջ, իր իւրայատուկ կոչումով, զոր ապրեցաւ Իր Որդիին հետեւելու մէջ, հնազանդ եւ քաջ գտնուելով Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրին: Ֆրանչիսկոս Պապ  մաղթեց, որ Տիրամայրը օգնէ նորընծաներուն, բացայայտելու համար Քրիստոսի գանձը: Ան բոլորին ապահովուելով իր աղօթքը օրհնեց բոլորը խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 10:26