Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «ՊԷտք է փրկել գաղթականները, Աստուած մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ»:

Ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը նախընտրեն դիմագրաւել ծովու փոթորիկը քան մեռնիլ Լիպիական կալանվայերուն, խոշտանգումի եւ ստրկութեան վայրերուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, մարդկային բարեսիրական կազմակերպութեան օժանդակութեամբ,  Լեզւոս կղզիէն գաղթած ապա Հռոմ հասած գաղթականներուն խումբ մը: Այս առթիւ գաղթականները, Նորին Սրբութեան նուիրեցին փրկարար բաճկոն մը : 

Ունկնդրէ լուրը

Գաղթականներուն փոխանցած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ գաղթականներուն կողմէ ստացած պարգեւին, որ փրկարար բաճկոն մըն է : Ան նշեց, որ այդ բաճկոնը առաջինը չէ, որ  ստացած է, այլ երկրորդն է: Առաջինը ստացած է ծովային փրկարարներուն կողմէ, ծովուն մէջ խեղդամահ եղած փոքրիկ աղջնակի մը բաճկոնը, աւեցնելով որ այդ երկու բաճկոնները, իբրեւ նուէր փոխանցած է  Սուրբ Աթոռի երկու ժողովներու՝  ենթաքարտուղարներուն, առաջինը,  մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին ենթաքարտուղարին,  երկրորդը Գաղթականներուն եւ փախստականներուն բաժանմունքին ենթաքարտուղարին,  անոնց ըսելով,  որ ահա այս է ձեր առաքելութիւնը, սա է եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ փրկել գաղթականներուն կեանքը, ընկալելով, պաշտպանելով եւ զարգացնելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ գաղթականներուն ուղղած պատգամին  մէջ  նշեց թէ կը դէմ յանդիման կը գտնուինք, անարդարութեան մահուան դիմաց,  նկատել տալով որ անարդարութեան պատճառաւ,  բազմաթիւ անձեր ստիպուած հեռացան իրենց հայրենիքէն մատնանշելով, որ անարդարութիւնն է,  որ գաղթականները կը ստիպէ որ  անապատներէն անցին եւ շահագործումի թիրախ դառնան: Անարդարութիւնն է որ  գաղթականները կը մղէ ծովուն մէջ մեռնելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց փրկարար բաճկոններուն վրայ դրուած խաչին նշանին,  նկատել տալով որ Յիսուսի մէջ,  խաչը փրկութեան աղբիւրն է, քրիստոնէական աւանդութեանն համաձայն խաչը  տառապանքի եւ զոհաբերումի հոմանիշ է, ինչպէս նաեւ փրկութեան հոմանիշ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց,  որ ինք որոշած է  փաճկոնը զետեղել խաչին վրայ յիշեցնելու համար,  որ պէտք ենք մեր աչքերը ու սիրտերը միշտ բաց պահենք:   յիշելու համար մարդկային կեանքի փրկութեան  յանձնարարութիւնը,  որ է բարոյական պարտականութիւն  եւ որ կը միացնէ հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, թէ ինչպէ՞ս կարելի է  անտեսել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը նախընտրեն դիմագրաւել ծովու փոթորիկը քան մեռնիլ Լիպիական կալանվայերուն, խոշտանգումի եւ ստրկութեան վայրերուն մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ բռնութիւններուն, շահագործումին թիրախ անմեղներուն դիմաց: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք անտարբեր չմնացին օգնութեան փութալով կարիքաւորներուն:

Յորդորեց որ Պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ Լիպիայէ կալանավայրերը դատարկելու համար, գնահատելով եւ գործադրելով բոլոր հնարաւոր կարելիութիւնները: Պէտք է  ու Անհրաժեշտ է դատապարտել և հետապնդել գաղթականները շահագործող և չարաշահող առևտրականներուն:

Անհրաժեշտ է մէկդի դնել տնտեսական շահերը, անձը  կեդրոն զետեղելով,  իւրաքանչիւր անձ,  որուն  կեանքն ու արժանապատուութիւնը Աստուծոյ աչքերու թանակաժէք ենք:

Պէտք ենք օգնել եւ փրկել քանի որ  մենք բոլորս պատասխանատու են մերձաւորին կեանքի, եւ Տէրը դատաստանի պահուն մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2019, 10:49