Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսացի կաթողիկէ երիտասարդ գործարարներու խումբ մը:

Ընդգրգել պարզ եւ համեստ ուղիներ, որովհետեւ պարզութիւնն է, որ թոյլ կու տայ համտեսելու փոքրիկ իրողութիւնները, թոյլ կու տայ շնորհակալութիւն յայտնելու կեանքի ընծայած կարելիութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ֆրանսայէն ժամանած կաթողիկէ երիտասարդ գործարարներու խումբ մը որոնց ընկերացած էր Ֆրէժուս-Թոլոն թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Տոմինիք Ռէյը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսացի կաթողիկէ երիտասարդ գործարարները, 1-էն-3 դեկտեմբերին, Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին «քրիստոնեայ գործարարներու կոչումը, եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան լոյսին ներքոյ» խորագիրով եռօրեայ հանդիպում –հաւաքին:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց երիտասարդ գործարարները, որոնք ընկերային, տնտեսական ոլորտէն ներս ծանր պատասխանատուութիւն ունենալով հանդերձ  կը փափաքին հետեւիլ Աւետարանի ուսուցումներուն, նկատել տալով, որ այսօր դիւրին չէ առօրեային մէջ հաշտեցնել հաւատքի պահանջներն ու եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, համաշխարհայնացումի եւ շուկայական օրէնքներուն պարտադրած օրէնքներուն հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդները, նկատել տալով, որ անոնք իրենց գործատեղիներու եւ անձնական յարաբերութիւններուն  մէջ աւետարանի արժանիքներուն ապրումով,  արդէն իսկ անփոխարինելի եւ վսեմ վկայութիւն կու տան եւ մասնակցած կ՝ըլլան Քրիստոսի թագաւորութեան ծառայութեան, ինչպէս կուսուցանէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը:

Նորին Սրբութիւնը անա մաղթեց, որ դէպի Հռոմ ուխտագնացութիւնը լուսաւորէ երիտասարդ գործարարներուն ընտրանքներուն զատորոշումը, ընդգծելով, որ դիւրին չէ քրիստոնեաներ ըլլալ ունենալով ծանր պատասխանատուութիւններ եւ Աստուծոյ կամքին դէմ հակառակ իրողութիւններէն խուսաբիլը այսօր կրնայ նոյնիսկ մեզ նահատակութեան առաջնորդել, ինչպէս վկայեցին սուրբ Պետրոսն ու Պօղոսը:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց երիտասարդները կարդալ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովին Gaudium et spes փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը, որուն մէջ քննարկուած են աշխարհի տնտեսական կարգ մը համակարգեր, որոնք  ծանր հետեւանքներ ունին մարդու եւ կենսոլորտին վրայ: Ան քաջալերեց երիտասարդները ըսելով, որ անոնք էական դեր ունին կատարելիք եւ այդ դէրը   կը կայանայ համեստ փոփոխութիւններ կատարելու  մէջ՝ գործատեղիներուն, անձնական յարաբերութիւններուն ներքեւ  ինչպէս նաեւ տարածելու մէջ նոր մշակոյթներ, որոնց միջոցաւ կարելի է կրթել աշխատանքի աշխարհը՝ նոր գործելաոճով:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց երիտասարդները ապաշխարելու՝ վճռակամ եւ հաստատ քայլերով:Բնապահպանողական ապաշխարութիւն, որ սերտօրէն առնչուած է հոգեր ապաշխարութեան::

Վերջապէս սրբազան Հայրը հրաւիրեց որդեգրելու պարզ եւ համեստ ուղիներ, որովհետեւ պարզութիւնն է, որ թոյլ կու տայ համտեսելու փոքրիկ իրողութիւնները, թոյլ կու տայ  նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու կեանքի ընծայած կարելիութիւններուն, առանց կապուելու մեր ունեցած բաներուն եւ առանց տխրելու չունեցած բաներուն համար: Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց ապահովեցնելով իր աղօթքը բոլորին համար խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2019, 12:30