Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի անդամները:

Երանելիներուն ու Սուրբերուն վկայութիւնը, պատմութեան մէջ աստուծոյ խօսքին մարմնացումն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբերու դատի ժողովի հիմնադրութեան 50 ամեակի առիթով, հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նշեալ ժողովի անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելով ժողովին կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուն եւ ժողովի անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած՝աշխատանքներու համար որ կը կայանայ «սրբադասել անոնք, որոնք հաւատարմութեամբ Քրիստոսի հետեւեցան»:  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Ան ապա անդրադառնալով սուրբերու դատի ժողովի պատմականին, նշեց որ 8 մայիս 1969-ին, Սուրբ Պօղոս Զ Պապի որոշումով «սուրբ ծէսերու» ժողովը երկու ժողովներու վերածուեցաւ .«Սուրբերու դատի» ժողով եւ «Աստուծային պաշտամունքի» ժողով», լաւագոյն ձեւով ընդառաջելու համար, տեղական եկեղեցիներուն անթիւ խնդրանքներուն: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարեց Սուրբերու դատի ժողովի յիսուն տարիներուն ընթացքին կատարած աշխատանքներուն, անթիւ երանացուցումներ, սրբադասումներ, հռչակուած վերջին տասնեակ տարիներուն ըսելով «Սա կը նշանակէ, որ սուրբերը անհասանելի մարդկային էակներ չեն», անոնք՝ մեզի մօտիկ եւ մեր կեանքի ուղեւորութեան զօրաւիգ կանգնող անձեր են» :  

ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ  Երանելիներուն ու Սուրբերուն վկայութիւնը, պատմութեան մէջ Աստուծոյ խօսքին մարմնացումն է : Սրբութիւնը եկեղեցւոյ ճշմարիտ ճրագն է եւ անիկա ինչպէս որ է, պէտք է մոմակալին վրայ զետեղուի, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդէ ու լուսաւորէ դէպի Աստուած տանող ուղին:»

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա բարձր գնահատելով սուրբերու դատի ժողովի աշխատանքները, խօսքը կեդրոնացուց սուրբերու դատի քննիչներուն պարտականութեան վրայ նշելով, որ անոնք  պատմական, աստուածաբանական եւ բժշկական ոլորտներէն ներս կանչուած են իրենց խիղճի լիակատար ազատութեամբ գործելու եւ ուշադրութեամբ ուսումնասիրելու իրենց յանձնուած դատերը, եւ հասուն մտածողութեամբ վճիռ արձակելու:

Սուրբերու դատի քննիչները թող միշտ գիտակից ըլլան, որ իրենց պաշտօնը  ճշմարտութեան ի սպաս ծառայութիւն է ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը Սուրբ Աթոռի հետ, շեշտեց ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ընդգծեց , որ սուրբերու դատի քննիչները պէտք չեն երբեք մոռնալ, երանացումի եւ սրբադասումի դատերու հոգեւոր յատկանիշեր եւ այդ դատերը պէտք են բանակցուին աւետարանական զգայնութեամբ եւ բարոյական խստութեամբ:  

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց յանձնելով բոլորը Սուրբերու թագուհի Տիրամօր ՝մայրական հովանիին:

         

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 09:37