Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ կարգ մը թեմերու Տիկնաց միութեան անդամները:

«Ան որ ծառայութեան ծանր աշխատանքը կ՝ապրի, անոր մէջ Սուրբ Հոգին կը մշակէ նուիրուածութեան յատուկ պարգեւներ:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց  Իտալիոյ Միլանօ, Թրեվիզօ, Փատովա թեմերուն Տիկնաց միութիւններուն անդամները, ընկերակցութեամբ Միլանօ թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Մարիօ Տէլփինիին:  

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց եկեղեցիէն ներս տիկնաց միութեան ներկայութիւնը, որ սկիզբ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պաթիսթա Մոնթինին օրով:

 «Տիկնաց Միութիւնը ու անոնց եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը, սեղանի շուրջ բանակցութենէ ծնած հաստատութիւն մը չէ, ոչ ալ գաղափարապաշտութեան մը պահանջէ, այլ ծնած եւ կեանք առած է առաքելական փորձառութենէն, թեմի ժողովրդապետներուն հետ համագործակցութենէն: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  Ան ապա մատնանշեց Յիսուսի եւ առաքեալներուն կեանքէն ներս կիներուն ներկայութիւնը, ինչպէս Մարիամ Մակդանեղացին եւ այլ կիներ, որոնք առաջին ականատեսները եղան Յիսուսի Սուրբ Յարութեան:

Նորին Սրբութիւնը  գնահատեց կիներուն անմիջական գործակցութիւնը ժողովրդապետներուն հետ, ի սպաս ժողովուրդին ծառայութեան, Աստուծոյ ժողովուրդին, ժողովրդապետութիւններէն, բանտերէն, որբանոցներէն ներս:

«Ան որ այս ծանր աշխատանքը կ՝ապրի, անոր մէջ Սուրբ Հոգին կը մշակէ նուիրուածութեան յատուկ պարգեւները:» ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ ժողովուրդի ի սպաս ծառայութիւնը, Քրիստոսի առաքելութեան էական իրողութիւն է,  առաքուած  Հօր կողմէ Իսրայէլի տունէն մոլորած ոչխարներուն համար: Քրիստոսի այս հաւատարմութիւնը արժեց եւ ունեցաւ խաչի ծանրութիւնը, սակայն եղաւ բեղուն, Աստուծոյ ծրագիրներուն համաձայն:  

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը շնորհակալութիւն յայտնելով կիներուն տուած վկայութեան համար, ապա քաջալերեց զանոնք յառաջ ընթանալու Յարութեան ուրախութեամբ, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 11:26