Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «ծերութիւնը շնորհքի ժամանակաշրջան է :»

Ստեղծել զօրակցական ցանցեր, որոնց մէջ տարեցները, ոչ միայն խնամակալական ծառայութեան ենթակաները պէտք են ըլլալ այլեւ գործօն ու գլխաւոր դերակատարները պէտքը են դառնալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց տարեց աշխատաւորներու ազգային ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով:     

Ունկնդրէ լուրը

Տարեցներուն փոխանցած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ տարեցները հարստութիւն են ու անոնց կամաւորական գործունէութիւնը թանկարժէք առիթ է ապրելու անշահախնդրութեան ծաւալը:    

«Վերջին տասնեակ տարիներուն, ընկերակցութիւններէն ներս  աճ արձանագրած են տարեցներու կամաւորական աշխատանքները, տարեցներ որոնք յանձնառու են  կայուն ընկերութիւններ կառուցելու», ըսաւ ֆրանչիսոս Պապ աւեցնելով, որ ազգային տարեցներու ընկերակցութեան հիմնադրութեան 70 ամեակը, ապացոյց է  տարեցներուն  ինքնակառավարման, մասնակցութեան կարողութեան, յորդորելով խթանել հասարակութեան ներքեւ տարեցներու գործօն մասնակցութիւնը,  ստեղծել զօրակցական ցանցեր, որոնց մէջ տարեցները, ոչ միայն խնամակալական ծառայութեան ենթակաները կը դառնայն այլեւ գործօն գլխաւոր դերակատարներ :

Ֆրանչիսկոս  Պապ  ապա խօսեցաւ ծերութեան մասին: Ծերութիւնը երկխօսութեան եղանակ է : «Ժողովուրդի մը ապագային համար նախապայման է,  տարեցներուն եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութիւնը՝ արդար,  գեղեցիկ, զօրակցական եւ քրիսոտնեայ ընկերութիւն մը կառուցելու համար:» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տալով որ ծերութիւնը շնորհքի ժամանակաշրջան է, ուր Տէր կը վերանորոգէ իր հրաւէրը: Հրաւէր յարատեւելու հաւատքի մէջ եւ զայն փոխանցել: Հրաւէր աղօթելու եւ  մօտիկ կանգնելու կարիքաւորին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ դժբախտաբար շատ անգամ երիտասարդները մէկդի կը դրուին, որովհետեւ անոնք անգործ են, մէկդի կը դրուին նաեւ տարեցները, պահպանելու համար տնտեսական համակարգ մը, որուն կեդրոնը մարդկային անձը չէ այլ դրամը:

Բոլորս կանչուած ենք հակազդելու այդ թունաւոր մեկուսացումի մշակոյթին: Կանչուած ենք կառուցելու տարբեր ընկերութիւն մը՝ մարդկային, հիւրընկալ եւ նեռարական  ընկերութիւն, որ կարիքը չունի մէկդի դնելու մարմնով կամ խելքով տկարները:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերակցութեան անդամներուն տարեցներու ի նպաստ տածած աշխատանքներու համար: Ան ապա քաջալերեց ընկերութեան մէջ ուրախալիր եւ իմաստուն ներկայութիւն դառնալու, դիտել տալով որ ընկերութիւնը յոյժ կարիքը ունի  տարեցներուն իմաստութեան եւ փորձառութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2019, 10:34