Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն երբ երիտասարդ քահանայ էր: Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն երբ երիտասարդ քահանայ էր: 

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձը:

Քահանայապետ ընտրուելէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ անդրադարձած է քահանայական կոչումին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

13 դեկտեմբեր 1969-ին, 33 տարեկանին, Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ քահանայ կը ձեռնադրուի: 21 սեպտեմբեր 1953ին, Սուրբ Մատթէոսի ծիսական տօնին օրը, Եորկէ Մարիօ եկեղեցի կ՝երթայ խոստովանելու համար: Խոստովանքի ընթացքին, ան խորապէս կ՝ապրի Աստուծոյ ողորմածութեան փորձառութիւնը: Մղուած այդ փորձառութենէն յառաջացած ներքին ուրախութենէն Մարիօ Պերկոլիօ  կը որոշէ քահանայ դառնալ: Արդարեւ հայր Մարիոյի ամբողջ քահանայական կեանքը կը բնորոշուի Աստուածային գթութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետ ընտրուելէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ անդրադարձած է քահանայական կոչումին:

6 մարտ 2014-ին, ժողովրդապետներուն փոխանցած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշած է«Քահանան առանց աղմուկ բարձրացնելու  ամէն ինչ կը ձգէ իր կեանքը ուրիշներու նուիրելու համար: Կարիքը կայ անթիւ վէրքերու ամոքումի: Սա ողորմածութեան ժամանակն է : «Ֆրանչիսկոս Պապին Ժողովրդապետներուն յղած պատգամը 6 մարտ 2014:»

Քրիստոսը քահանային կեանքի կեդրոնն է: Սուրբ Պատարագի ընթացքին քահանաները ամէն օր կը վերագտնեն իրենց հովիւը ըլլալու ինքնութիւնը: Քահանան աղօթքի մարդ է: Յիսուսի հետ մտերիմ կապէն կը հոսի իսկական եղբայրսիրութիւնը:  Ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներուն անխոնջ աշխատանքն ու յոգնութիւնը նմանեցուած է երկինք բարձրացող խունկին, Հօր Աստուծոյ սիրտին դպչող յոգնութիւն:   

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներէն միշտ խնդրած է, որ մօտիկ ըլլան ժողովուրդին, միաժամանակ հաւատացեալներէն խնդրելով, որ իրենց կարգին նեցուկ կանգնին քահանաներուն:

«Սիրելի հաւատացեալներ աղօթքով եւ գորովով նեցուկ կանգնեցէք ձեր քահանաներուն,  որպէսզի անոնք միշտ ըլլան Աստուծոյ ողորմած սիրտը ունեցող բարի հովիւները:» Ֆրանչիսկս Պապին 28 մարտ 2013ի քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 12:00