Որոնել

1576174460157.JPG

Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Սոտանոյի խօսքը Քահանայապետի քահանայութեան 50 ամեակին առթիւ։

«Այսօր՝ այդ թուականէն 50 տարիներ ետք, բոլորս համախմբուած ենք ձեր շուրջ միանալու համար ձեր գոհաբանական աղօթքին, 13 դեկտեմբեր 1969-ի օրուան համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին առթիւ,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը՝ Կարդինալական Դասին գահերէցը՝ Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ, յանուն իր եղբայրակիցներուն  Նորին Սրբութեան ուղղեց շնորհաւորական ուղերձ, որուն մէջ գոհաբանութիւն մատուցեց Աստուծոյ՝ շնորհած բազմաթիւ բարիքներուն համար, նշելով որ այդ նոյն երախտագիտական հոգով է որ Հռոմի մէջ բնակող կարդինալները այսօր ուզեցին միանալ Քահանայապետին որ Աստուծոյ Փառք կը մատուցէ քահանայութեան մեծ պարգեւին համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր՝ այդ թուականէն 50 տարիներ ետք, բոլորս համախմբուած ենք ձեր շուրջ միանալու համար ձեր գոհաբանական աղօթքին, 13 դեկտեմբեր 1969-ի օրուան համար» ըսաւ Կարդինալ Սոտանօ մատնանշելով թէ ինչպէս 1992-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կոչած էր Եպիսկոպոսութեան ու ակնարկեց երջանկայիշատակ քահանայապետի խօսքերուն. «Ամէն մէկ քահանայական կոչում խորքին մէջ խորհուրդ մըն է. Աստուածային ընտրութեան խորհուրդը»։

Կարդինալ Սոտանօ հաստատեց ապա թէ Քահանայապետութեան առաքելութեան արմատները կը գտնուին այդ «Այո»ին մէջ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ  արտասանած էր Տիրոջ 50 տարիներ  առաջ։ Ապա յանուն բոլոր կարդինալական դասին ապահովեցուց աղօթքները ու առօրեայ յանձնառումը, թիկունք կանգնելու Տիրոջմէ Քահանայապետին յանձնուած վեհանձն առաքելութեան։

«Ձեզի կը մաղթենք ամէն բարիք, շնորհակալութիւն յայտնելով ձեր Աստուած Սուրբ Եկեղեցւոյ մատուցած վեհանձն ծառայութեան» ըսաւ Կարդինալ Սոտանօ աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2019, 12:50