Որոնել

1577272790714.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի ու Համայն աշխարհին ուղղած 2019-ի Ս. Ծննդեան պատգամը։

«Խաւարին մէջ պտտող Ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ» (Եսայի 9,1)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամը։

Ունկնդրէ լուրը

Հայրը յաւիտենական ու անվերջ Սէր

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Մայր Եկեղեցւոյ արգանդէն մարդեղացած Աստուածորդին՝ այս գիշեր դարձեալ ծնաւ։ Անոր անունն է Յիսուս, որ կը նշանակէ Աստուած որ կը փրկէ։ Հայրը որ յաւիտենական ու անվերջ Սէր է, զինք առաքեց աշխարհ՝ ոչ թէ զայն դատապարտելու համար, այլ փրկելու (Յովհ 3,17)։

Հայրը զայն պարգեւեց անհուն ողորմութեամբ։ Զայն պարգեւեց բոլորին՝ ցմիշտ։ Եւ Ան ծնաւ որպէս գիշերուան մթութեան ու ցուրտին մէջ լուսաւորուած փոքրիկ բոց մը ։

Այդ Մանուկը, ծնած Սուրբ Կոյս Մարիամէն, մարմին առած Աստուծոյ Բանն է։ Բանը որ կողմնորոշեց Աբրահամի սիրտն ու քայլերը դէպի խոստացեալ երկիր, եւ կը շարունակէ իրեն քաշել բոլոր անոնք որոնք կը վստահին Աստուծոյ խոստումներուն։

Բանը որ առաջնորդեց հրեաները ստրկութեան ճանապարհէն դէպի ազատութիւն, ու կը շարունակէ բոլոր ժամանակներու ստրուկները կոչել, դուրս գալու իրենց բանտերէն։ Արեւէն աւելի լուսաւոր Խօսք է ան, մարմնացած փոքր մարդու որդիին մէջ, Յիսուս՝ աշխարհին լոյսը։

Քրիստոսի լոյսը աւելի մեծ է քան մարդոց սրտերուն խաւարները

Ասոր համար է  որ մարգարէն կը բացագանչէ «Խաւարին մէջ պտտող Ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ» Եսայի 9,1։ Այո մարդոց սրտերուն մէջ կան խաւարներ, սակայն Քրիստոսի լոյսը աւելի մեծ է։ Կան խաւարներ անձնական, ընտանեկան, ընկերային յարաբերութիւններու ներքոյ, Քրիստոսի լոյսը սակայն աւելի մեծ է։ Եւ կան խաւարներ տնտեսական, աշխարհաքաղաքական եւ բնապահպանական հակամարտութիւններու ներքոյ, Քրիստոսի լոյսը սակայն աւելի մեծ է։

Միջին Արեւելքի մանուկները եւ Սուրիան

Քրիստոս լոյս թող ըլլայ այն բազմաթիւ մանուկներուն համար որոնք կը տառապին՝ Միջին Արեւելքի մէջ ու աշխարհի ալ երկիրներու մէջ գոյատեւող  պատերազմներէն ու հակամարտութիւններէն։ Ան նեցուկ ըլլայ սիրեցեալ Սուրիացի Ժողովրդին որ տակաւին չի տեսներ ռազմական գործողութիւններու աւարտը, որոնք  վերջին տասնամեակին խոշտանգեցին երկիրը։

Թող ան շարժէ բարի կամք ունեցող մարդոց խիղճերը։ Ներշնչէ կառավարիչները ու միջազգային հասարակութիւնը լուծումներ գտնելու, որոնք ապահովեն՝ շրջանի ժողովուրդներուն  անվտանգութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը ու վերջ դրուի անոնց տառապանքին։

Լիբանանը

Ան նեցուկ ըլլայ Լիբանանցի ժողովուրդին, որպէսզի դուրս գայ ներկայ տագնապէն ու վերագտնէ իր կոչումը՝ ըլլալու ազատութեան ու բոլորի միջեւ ներդաշնակ համակեցութեան պատգամ։

Սուրբ Երկիրը, Իրաքը, Եմենը

Տէրը ըլլայ լոյս՝ Սուրբ Երկրին համար՝ այնտեղ ուր ան ծնաւ,  մարդու Փրկիչ, եւ ուր կը շարունակուի շատերուն սպասումը, որոնք յոգնութեան հանդերձ եւ առանց վհատելու, ամէն օր կը սպասեն խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը։ Տէրը մխիթարանք հանդիսանայ Իրաքին համար, որ կ՛ապրի ընկերային լարուածութիւն, ու նաեւ Եմենին որ թիրախ է մարդկասիրական ծանր տագնապի մը։

Ամերիկեան ցամաքամաս

Բեթղեհէմի փոքրիկ Մանուկը ըլլայ յոյս՝ համայն Ամերիկեան ցամաքամասին համար, ուր տարբեր երկիրներ կ՛ապրին ընկերային ու քաղաքական ընդվզումներու եղանակ մը։ Թող Ոգեւորէ Վենեզուելլայի ժողովուրդը որ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի քաղաքական եւ ընկերային լարուածութիւններու բերումով ու անոր չի պակսեցնէ օգնութիւնը՝ որուն կը կարօտի։ Օրհնէ բոլոր ջանքերն անոնց որոնք կը գործեն ի նպաստ արդարութեան եւ հաշտութեան ու կ՛աշխատին յաղթահարելու համար տարբեր տագնապները ու աղքատութեան տարբեր ձեւերը, որոնք կը վիրաւորեն ամէն մէկ մարդու արժանապատուութիւնը։

Ուքրանիա

Աշխարհին Փրկիչը ըլլայ լոյս՝ սիրելի Ուքրանիայի համար, որ կը ձգտի շօշափելի լուծումներ գտնել՝ երկարատեւ խաղաղութեան մը ի նպաստ։

Ափրիկէի ժողովուրդները

Ծնեալ Տէրը ըլլայ լոյս Ափրիկէի ժողովուրդներուն համար, ուր կը գոյատեւեն քաղաքական եւ ընկերային հարցեր, որոնք յաճախ մարդիկը կը ստիպեն արտագաղթի, զանոնք զրկելով տունէ եւ ընտանիքէ։  Խաղաղութիւն ըլլայ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան, որ  կը տանջուի շարունակուող հակամարտութիւններու պատճառաւ։

Հաւատքի համար հալածուածները

Թիկունք ըլլայ նաեւ անոնց որոնք կը տառապին բռնութեան, բնական աղէտներու ու առողջական արտակարգ իրավիճակներու բերումով եւ թիկունք ըլլայ նաեւ անոնց որոնք հալածուած են իրենց կրօնական հաւատքին պատճառաւ. Յատկապէս միսիոներները եւ առեւանգուած հաւատացեալները եւ անոնք որոնք թիրախ են ծայրայեղ խմբաւորումներու յարձակումներուն, յատկապէս Պուրքինա Ֆազոյի, Մալիի, Նիճերի եւ Նիճերիայի մէջ։

Գաղթականներն ու անարդարութիւնը

Երկինքէն երկիր իջած Աստուածորդին, ըլլայ պահապան ու հովանի անոնց որոնք անարդարութիւններու պատճառաւ կը գաղթեն ապահով կեանքի մը յոյսով. Անարդարութիւններն են որոնք զանոնք կը ստիպեն անցնիլ՝ գերեզմաններ դարձած  անապատներէ եւ ծովերէ։ Անարդարութիւնն է որ զանոնք կը ստիպէ կրել աննկարագրելի չարաշահումներ, ամէն տեսակի ստրկութիւն ու տանջանք համակեդրոնացման տմարդկային վայրերուն մէջ։ Անարդարութիւնն է որ զանոնք կը վտարէ վայրերէն ուր կարող պիտի ըլլային ապրիլ արժանավայել կեանքի մը յոյսը, եւ անարդարութիւնն է որ անոնց առջեւ կը բարձրացնէ անտարբերութեան պատեր։

Դառնանք Էմմանուէլի սիրոյն գործիքներ

Էմմանուէլը լոյս ըլլայ վիրաւոր մարդկութեան։ Հալեցնէ յաճախ կարծրացած եւ եսասէր մեր սիրտը ու մեզ դարձնէ իր սիրոյն գործիքներ։ Մեր աղքատ դիմագիծերու ընդմէջէն ժպիտ պարգեւէ աշխարհի բոլոր մանուկներուն. անոնց որոնք լքուած են, անոնց որոնք թիրախ եղան բռնութիւններու։

Մեր տկար բազուկներուն ընդմէջէն թող զգեստաւորէ աղքատները, որոնք մերկ են. հաց պարգեւէ անօթիներուն եւ խնամք տանի հիւանդներուն։ Եւ մեր դիւրաբեկ աջակցութեամբ՝ մօտիկ ըլլայ տարեց ու միայնակ անձերուն, գաղթականներուն եւ բացառուածներուն։

Այս տօնական օրուան առթիւ բոլորին պարգեւէ իր քնքշութիւնը ու այս աշխարհի խաւարները փարատէ։

*****

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր՝ ձեզի բոլորիդ որ աշխարհի բոլոր վայրերէն  եկած էք այս հրապարակ ու բոլոր անոնց որոնք տարբեր երկիներէ զանգուածային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կապուած են մեր հետ, կը նորոգեմ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդի իմ մաղթանքներս։ Շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար։

Բոլորս ալ կանչուած ենք յոյս պարգեւելու աշխարհին, խօսքով եւ մասնաւորապէս կեանքի վկայութեամբ հռչակելով որ Յիսուս՝ մեր խաղաղութիւնը ծնաւ։

Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Սուրբ Ծննդեան բարի ճաշ եւ ցտեսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/12/2019, 12:17