Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց «Ֆիորիթօ Վարդապետի» գրութիւններ հրատարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց «Ֆիորիթօ Վարդապետի» գրութիւններ հրատարակութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց Ֆիորիթօ Վարդապետի «Գրութիւններ» 5 հատորնոց հրատարակութիւնը։

Հայր Անկելը գիտէր յարգել, գիտէր խրատել, համբերատար էր եւ ուրիշը չէր դատեր եւ ամենակարեւորը գիտեր ունկնդրել.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 13 դեկտեմբերի երեկոյեան՝ իր քահանայութեան ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսեաններու Հռոմի մայրավանքին մէջ ներկայացուց Յիսուսեան Միաբնութեան անդամ Արժանթինցի Հայր Անկել Ֆիորիթոյի «Գրութիւններ» 5 հատորնոց հրատարակութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Անորաշակերտներուն համար այս հրատարակութիւնը մխիթարութեան պատճառ է…գրութիւններ են որոնք մեծ բարիք պիտի ըլլան համայն եկեղեցւոյ» գրած էր Քահանայապետը վերոնշեալ հատորներու նախաբանին մէջ եւ այդ նոյն գաղափարը եղաւ Անոր գիրքի ներկայացման առթիւ միջամտութեան առանցքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ որ անձամբ ճանչցած է հեղինակը ու եղած է անոր աշակերտը, յուզմունքով պատմեց անոր կեանքէն դրուագներ, յատուկէն ակնարկելով նաեւ Յիսուսեան միաբանութեան պատմութեան ու յատկապէս Արժանթինի Յիսուսեաններուն։

Ապագայի Քահանայապետը արդարեւ Հայր Անկելին ծանօթացած է 1961-ին երբ տակաւին Պուէնըս Այրեսի համալսարանը կը յաճախէր ի պատրաստութիւն 1969-ի քահանայական ձեռադրութեան։  Այդ թուականին է որ Հայր Անկելը կը դառնայ Պերկոլիոյի Հոգեւոր Հայր։

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն  հրամցուց անձնական յիշատակներէն քաղուածներ խօսելով Հայր Անկելի ուսուցումներու մասին հայող յատկապէս «հոգեւորականութեան»։  

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ նաեւ իրենց վերջին հանդիպումի մասին, 9 օգոստոս 2005 թուականին, երբ մահամերձ վարդապետը այլեւս անկարող էր խօսելու ու կարող էր միայն աչքերով արտայայտուիլ ու արտասուել։

«Ֆիորիթօ վարդապետը արցունքներու պարգեւը ունէր, որոնք հոգեւոր մխիթարութեան արտայայտութիւն են» ըսաւ Քահանայապետը, ապա մատնանշեց Հայր Անկելի երկխօսութեան մարդ ըլլալու յատկութեան ու յատկապէս անոր դաստիարակի վսեմ առաքելութեան՝ որ կատարուած չէր միայն խօսքերով այլ նաեւ ողորմութեան ներգործութիւններով։

«Ֆիորիթօ վարդապետի գրութիւններէն կը հոսի հոգեւոր ողորմութիւն, ուսուցում անոնց որոնք անգիտակից են, բարի խորհուրդներ անոնց որոնք կարիքը ունին, ուղղութիւն անոնց որոնք սխալի մէջ են. մխիթարութիւն՝ տխրութեան մէջ եղողին եւ օգնութիւն համբերութիւն ունենալու  առանձնութեան մէջ ապրողին» կը նշէ  Քահանայապետը հաստատելով որ Հայր Անկելը գիտէր յարգել, գիտէր խրատել, համբերատար էր եւ ուրիշը չէր դատեր  եւ ամենակարեւորը գիտեր ունկնդրել.

Հոգեւոր Հայր մը որ երկխօսութեան միջոցաւ  կարող էր ցոյց տալ չար ոգիին փորձութիւնները եւ իւրաքանչիւրին օգնել ներքին անդորրութեան հասնելու համար։

«Ֆիորիթոն նման էր հոգիներու իմաստուն դեղագործի մը։ Ան Տիրոջ ողորմութեան  ծառան էր, զատորոշումի ու մարգարէութեան շնորհապարգեւը ունէր» յայտնեց Ֆրանչիսկոս  Պապ  որ ճառին աւարտին Ֆիորիթօ Վարդապետը նմանեցուց ջուրի հոսքերու մօտ տնկուած ծառի մը որ ծաղիկ ու պտուղ պարգեւած է իր աշակերտներու սրտերուն, եւ «յուսամ որ այս գեղեցիկ գրքով ան դարձեալ արմատներ դնէ ու պտուղներ տայ բազմաթիւ անհատներու կեանքին մէջ, որոնք կը սնանին ան միեւնոյն շնորհքէն զոր ան ընկալեց ու գիտցաւ հաղորդել իր կատարած հոգեւոր կրթութիւններու ընդմէջէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 08:00