Ղազախստանի մէջ օդանաւային արկած Ղազախստանի մէջ օդանաւային արկած 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Ղազախստանի մէջ օդանաւային արկածին ի լուր։

Օդանաւին մէջ կային 93 ճամփորդներ եւ անձնակազմի անդամ այլ հինգ հոգիներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 27 դեկտեմբեր 2019-ին Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան Ալմաթիի օդանաւային արկածին որուն հետեւանքով մահացած են 12 հոգի եւ այլ 66 հոգիներ վիրաւորուած։

Սրբազան Հայրը, կը նշուի հեռագիրին մէջ, յատուկէն կ՛աղօթէ մեռեալներու հոգիներու յաւիտենական հանգիստին համար եւ վիրաւորներու ապաքինումին համար։ Ան ապա բոլորին վրայ ու յատկապէս շտապ օգնութեան մարմիններուն ու փրկարարներուն վրայ կը հայցէ Ամենակալ Աստուծոյ ուժն ու խաղաղութիւնը։

Յայտնենք թէ  «Bek Air» ընկերութեան օդանաւը Ղազախստանի մայրաքաղաքէն հազիւ թռիչք առած հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով փուլ եկաւ տեղական ժամով 7.22 անց, որ Իտալիոյ ժամին կը համապատասխանէ առաւօտեան կանուխ 2.22ին։ Օդանաւին մէջ կային 93 ճամփորդներ եւ անձնակազմի անդամ այլ հինգ հոգիներ։

Նախագահ Քասսիմ Թոմար Թոքայեւ ի լուր արկածին 28 դեկտեմբերը հռչակեց սուգի ազգային օր ու խոստացաւ փոխ հատուցել զոհերու ընտանիքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2019, 13:11