Ժամասացութեան Գոհաբանական աղօթք Ժամասացութեան Գոհաբանական աղօթք 

Ժամասացութեան Գոհաբանական աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Տէրը Հռոմի եկեղեցին կը կոչէ հանդիպելու ուրիշներուն, ունկնդրելու զանոնք ու անոնց օգնութեան ճիչը։ Ունկնդրութիւնը արդեն սիրոյ արարք է եւ ուրիշներուն համար ժամանակ յատկացնելը սիրոյ առաջադրութիւն է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 31 դեկտեմբերի երեկոյեան 5-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահեց ժամասացութեան  գոհաբանական աղօթքը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ  Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնելով գաղատացիներու նամակէն քաղուած հետեւեալ խօսքէն. «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը Աստուած ղրկեց իր  որդին» (Գաղատացիք 4,4), նշեց որ «Յիսուս ապրեցաւ Նազարէթի մէջ, քաղաքը որուն մասին Աստուածաշունչին մէջ գրուած է «Նազարէթէն բարի բան կ՛ելլէ՞», եւ մեռաւ հեռացուած մեծ քաղաքէն Երուսաղեմէն, խաչուած պատերէն դուրս»։

Աստուծոյ որոշումը յստակ է. Ան իր սէրը յայտնելու համար կ՛ընտրէ փոքրիկ եւ արհամարհուած քաղաք մը, ու երբ Երուսաղէմ կը հասնի կը միանայ մեղաւոր եւ անտեսուած ժողովուրդին։ Քաղաքին ոչ մէկ բնակիչ կը նշմարէ որ մարդեղացած Աստուածորդին կը քալէ քաղաքի ճանապարհներէն, ոչ իսկ իր աշակերտները որոնք  միայն  յարութենէն ետք կը հասկնան Յիսուսին մէջ պարունակուած Խորհուրդը։

Յիսուսին արտասանած խօսքերն ու փրկութեան համար գործած նշանները ժամանակաւոր զարմանք եւ խանդավառութիւն կը յառաջացնեն, սակայն իրենց լիութեամբ չեն ընդունուած, եւ ասոր համար է որ Ան կը խաչուի գողգոթայի բարձունքին վրայ, սակայն այդ խաչէն՝ որ կեանքի նոր ծառ մըն է Աստուծոյ զօրութիւնը բոլորը իրեն կը քաշէ։ Ու նաեւ Աստուծոյ Մայրը որ խաչին ոտքին ցաւագին կը կանգնի, կը պատրաստուի բոլոր մարդոց տարածելու իր մայրութիւնը։ Աստուծոյ Մայրը՝ Եկեղեցւոյ Մայրն է ու անոր մայրական քնքշութիւնը կը հասնի բոլոր մարդոց։

Ստուած կը բնակի իր ժողովուրդին մէջ կը քալէ անոր հետ ու կ՛ապրի անոր կեանքը։ Անոր հաւատարմութիւնը գործնական է, մօտիկութիւն է իր զաւակներուն։ Ուր երբ Աստուած կ՛ուզէ ամէն բան նորոգել իր Զաւկին միջոցաւ, զայն կը կատարէ՝ իր ժողովուրդի փոքր ու աղքատ կնոջ մը արգանդէն։ Աստուծոյ սոյն ընտրանքը արտակարգ է. Ան պատմութիւնը չի փոխեր հզօր մարդոց, քաղաքացիական ու կրօնական հաստատութիւններու միջոցաւ, այլ կայսրութեան արուարձաններու կիներուն միջոցաւ ՝ինչպէս Մարիամը եւ ամուլ Եղիսաբեթը։

«Աստուած ապա Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ կ՛օրհնէ իր զաւակները ու զանոնք կը քաջալերէ գործելու խաղաղութեան համար եւ այս գիշեր կը փափաքիմ որ Հռոմի վրայ մեր հայեացքը եւս ամէն բան ընկալէ Աստուծոյ հայեցակէտով» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «Տէրը կ՛ ուրախանայ երբ կը տեսնէ ամէն օր ի գործ դրուած բարին, երբ եղբայրութեան եւ զօրակցութեան ջանքեր կը կատարուին։

Հռոմը պարզապէս բարդ քաղաք մը չէ, իր բազմաթիւ հարցերով, անարդարութիւններով, ընկերային լարուածութիւններով եւ կաշառակերութեամբ։

Հռոմը քաղաք մըն է ուր Աստուած կը ղրկէ իր Բանը որ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ անոր բնակիչներու սրտերուն մէջ բոյն կը շինէ ու զանոնք կը մղէ հաւատալու ու յուսալու հակառակ ամէն ինչի ու նաեւ սիրելու՝ պայքարելով բոլորին բարիքին համար։

«Կը մտաբերեմ այն բազմաթիւ քաջ անձերը, հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ, որոնց հանդիպեցայ  այս տարիներուն ընթացքին» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ  «Յիրաւի Աստուած չի դադրեցաւ պատմութիւնը փոխելէ ու փոխելէ նաեւ մեր քաղաքին դիմագիծը զայն բնակող աղքատներուն ու փոքրիկներուն միջոցաւ զանոնք մղելով ստեղծելու առաքինի կապեր ու կառուցելու ոչ թէ պատեր՝ այլ կամուրջներ։

Տէրը Հռոմի եկեղեցին կը կոչէ հանդիպելու ուրիշներուն, ունկնդրելու զանոնք ու անոնց օգնութեան ճիչը։  Ունկնդրութիւնը արդեն սիրոյ արարք է եւ ուրիշներուն համար ժամանակ յատկացնելը սիրոյ առաջադրութիւն է։

Պէտք չէ վախ ունենալ մենք մեզ անյարմար  նկատելու այդպիսի կարեւոր առաքելութեան մը համար։ Յիշենք որ Աստուած մեզ չի ընտրեր մեր հմտութիւններուն համար այլ որովհետեւ մենք փոքր կը զգանք մենք զմեզ եւ որովհետեւ փոքր ենք։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս տարուայ ընթացքին մեզի թիկունք կանգնող անոր Շնորհքին համար եւ ուրախութեամբ անոր կը բարձրացնենք գոհաբանական երգեր։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2020, 17:41