Որոնել

«Ընկերային թարմացումներ» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ «Ընկերային թարմացումներ» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։  

«Ընկերային թարմացումներ» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Ամսաթերթը հիմնուած է 1950ին որպէս նպատակ ունենալով տեղեկութիւններ փոխանցել ու անոնց միջոցաւ նաեւ կազմաւորել, ընթերցողին նուիրելով չափանիշեր ու գործիքներ դիմագրաւելու համար ընկերային կեանքի հրատապ հարցերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 6 դեկտեմբեր  2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Յիսուսեաններու «Ընկերային թարմացումներ» պարբերաթերթի խմբագրութեան, անոր հիմնադրութեան 70 ամեակի առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ամսաթերթը հիմնուած է 1950ին որպէս  նպատակ ունենալով տեղեկութիւններ փոխանցել ու անոնց միջոցաւ նաեւ կազմաւորել, ընթերցողին նուիրելով չափանիշեր ու գործիքներ, դիմագրաւելու համար ընկերային կեանքի հրատապ հարցերը։ Ամսաթերթէն անդին «Ընկերային թարմացումներ»ու խմբագրական կազմը կը խթանէ ու  իր մասնագիտական ծառայութիւնը կը մատուցէ քաղաքական, բարոյական, աշխատանքի, բնապահպանութեան, կազմաւորումի ասպարէզներէն ներս, որպէս հիմք ունենալով Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը ու անոր հայեացքը որ կը միացնէ արդարութիւնն ու հաւատքը, որուն հիման վրայ խթանուած է համապարփակ բնապահպանումը եւ կայունութեան մշակոյթը։  

 «Ընկերային թարմացումներ» պարբերաթերթի խմբագրութեան հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը անոնց յանձնեց գրաւոր ճառ մը որուն մէջ ուրախութիւնը յայտնելով անոնց ներկայութեան համար, ակնարկած է անոնց կարգախօսին «կողմնորոշուիլ փոփոխութիւններու աշխարհի մը մէջ», դիտել տալով որ անոնց նուիրած ծառայութիւնը թանկագին է, յատկապէս աշխարհի մը մէջ որ շատեր կը մղէ շփոթութեան ու կորուստի։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հիմնուելով կանխախօսին վրայ խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերու վրայ ՝ զատորոշել, միասին կտրել ճանապարհը ապա ընկերային մարզէն ներս յանձնառումի ուրախութիւնը։

«Կողմնորոշել կը նշանակէ հասկնալ թէ ու՞ր կը գտնուինք եւ որոնք են յղման կէտերը», ապա «որոշել ո՞ր ուղղութեամբ ընթանալ, ուշադրութիւն ընելով Սուրբ Հոգիի ձային»,  յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Հոգին Սուրբն է որ կը գործէ ընկերութեան ուժականութեան ներքոյ։

Անդրադառնալով ապա խմբագրութեան դժուար գործունէութեան որ կ՛ընգրկէ զանազան նիւթեր եւ ասպարէզներ, ըլլայ արհեստական բանականութեան, ըլլայ կենսաբարոյական գետնի վրայ, ըլլայ հայող՝  անհաւասարութիւններու հարցին,  տնտեսութեան տեսութեան, անպահպանութեան, հասարակաց բարիքի կերտումին ու քաղաքական ժամանակակից իրականութեան, Քահանայապետը նշեց թէ «Ընկերային թարմացումներ»ը պարտականութիւնն ունի ընկերանալու ընթերցողին, որպէսզի սորվի կայացնել դատողութիւններ ու գործել աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ։

Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ որ  Ամսաթերթի խմբագրութեան կարեւոր նպատակակէտերէն մին է ուշադրութիւն դարձնել «բացառուածներուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց նաեւ ճանապարհը միասին՝ այսինքն սիւնհոդոսական կերպով  կերտելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ ընկերային երեւոյթներու խորաթափանցումը կարելի չէ կատարել միայնակ ու կարիքը կայ սիւնհոդոսական մեթոտի մը, երկխօսութեան եւ միասնական ընթացքի, կամուրջներ հաստատելով այնտեղ ուր կարիքը կայ անոնց, յարեց Քահանայապետը ընդգծելով  երեք ասպարէզներ՝ «ընդելուզումը,  սերունդներու միջեւ հանդիպումը, ապա քրիստոնեաներու եւ այլ կրօններու միջեւ հանդիպումներու եւ գործունէութեան խթանումը»։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը քաջալերեց ներկաները չի վհատելու ու յանձնառու ըլլալու արդարութեան, հասարակաց տան խնամքին, հաստատելով որ արդարութեան ի նպաստ յանձնառումը մեզի թոյլ կու տայ մտնել Երանութիւններու ուժականութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պաղ ճառը եզրափակեց հայցելով Հօր Աստուծոյ օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 12:57