Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրած է Հայր Միկել Ֆիորիթոյի ուսուցումներու գիրգի նախաբանը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրած է Հայր Միկել Ֆիորիթոյի ուսուցումներու գիրգի նախաբանը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրած է Հայր Միկել Ֆիորիթոյի ուսուցումներու հատորի նախաբանը։

Ֆրանչիսկոս համոզուած է որ «Հայր Ֆիորիթոն մեծ բարիք պիտի ընէ համայն եկեղեցւոյ», ու յոյս կը յայտնէ որ անոր գրութիւնները, ինչպէս անցեալին կարողանան պտուղներ պարգեւել բազմաթիւ անհատներու կեանքէն ներս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսեաններու պաշտօնական «Չիվիլթա Քաթթոլիքա» պարբերաթերթը ի լոյս կ՛ընծայէ Հայր Միկել Անկել Ֆիորիթոյի հինգ հատորանոց  «Գրութիւններ» գիրքը  որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Ֆիորիթոն արժանթինցի Յիսուսեան կրօնաւոր մըն էր որ իր մահկանացուն կնքեց 2005-ին։  Ան եղած է Միաբանութեան հոգեւորականութեան ամենամեծ վարդապետներէն մին, որուն  ուսուցումներուն շնորհիւ Լատին Ամերիկայի Յիսուսեաններու սերունդներ ունեցած են պատշաճ կազմաւորում. որոնց շարքին է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ նախաբանին մէջ կը գրէ «Հայր Ֆիորիթոյի գրութիւնները պարգեւ մըն են ու մեծ բարիք պիտի ընեն համայն եկեղեցւոյ»։

«Ֆիորիթօ Վարդապետ» այսպէս կը կոչէին զինք իր միաբանակից եղբայրները եւ այս տիտղոսը ինքնիր մէջ բաւարար է յայտնելու անոնց յարգանքի վերաբերմունքը իրենց դաստիարակին։  Յարգանք որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուզէ արտայայտել անձամբ ներկայացնելով Հայր Ֆիորիթոյի «գրութիւնները» հաւաքածոն, յառաջիկայ ուրբաթ 13 դեկտեմբերին, Յիսուսեաններու Հռոմի մայրավանքին մէջ։

«Հայր Ֆիորիթոն իւրացուցած էր Սուրբ Փիեթրօ Ֆապերի մէկ խօսքը. Գիտնալ ընկալել եւ գիտնալ հաղորդել երկու տարբեր իրականութիւններ են ու անոնցմէ իւրաքանչիւրը շնորհք մը կը պահանջէ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը նախաբանին մէջ, դիտել տալով որ Արժանթինցի ուսուցիչը այդ երկու շնորհքներն ալ ունէր։

«Անոր գրութիւններէն կը հոսի հոգեւոր ողորմութիւն, ուսուցում անոնց որոնք անգիտակից են, բարի խորհուրդներ անոնց որոնք կարիքը ունին, ուղղութիւն անոնց որոնք սխալի մէջ են. մխիթարութիւն՝ տխրութեան մէջ եղողին եւ օգնութիւն համբերութիւն ունենալու  առանձնութեան մէջ ապրողին» կը գրէ միշտ Քահանայապետը նախաբանին մէջ ուր կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայր Ֆիորիթոյի վեց մեթր բարձրութեամբ մատենադարանին, ուր ան յաճախ կը բարձրանար փնտռելու համար գրութիւն մը կամ ուսումնասիրութիւն մը, որպէսզի զայն յանձնէ իր եղբայրակիցին որ մի գուցէ կ՛ապրէր անհանգստութեան պահ մը։

Միկել Անկել Ֆիորիթոն «հիմնականօրէն եղաւ ունկնդրութեան եւ երկխօսութեան մարդ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Ան շատերուն սորվեցուց աղօթել, բարեկամութեամբ խօսիլ Աստուծոյ հետ։ Ան եղաւ սիրալիր հայր մը, համբերատար ուսուցիչ ու անհրաժեշտութեան պարագային վճռակամ հակառակորդ, սակայն ոչ թշնամի։ Ան կարող էր զատորոշել Աստուծոյ ժամանակը եւ ուսուցանել որ զատորոշումը «հոգեւոր կուրութեան ամենալաւ դարմանն է»։

Ֆրանչիսկոս համոզուած է որ «Հայր Ֆիորիթոն մեծ բարիք պիտի ընէ համայն եկեղեցւոյ», ու յոյս կը յայտնէ որ անոր գրութիւնները,  ինչպէս անցեալին կարողանան պտուղներ պարգեւել բազմաթիւ անհատներու կեանքէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2019, 09:35