Ֆրանչիսկոս Պապ «Սպանիա» հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ «Սպանիա» հրապարակի վրայ 

Ֆրանչիսկոս Պապին «Սպանիա» հրապարակի վրայ արտասանած աղօթքը։

Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին Քահանայապետը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան ապա Սպանիա հրապարակը ուր աղօթեց Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին։

Ով Մարիամ Անարատ Յղացեալ,

Քու շուրջդ կը հաւաքուինք անգամ մը եւս։

Որքան յառաջ կ՛երթանք կեանքին մէջ

այնքանով կ՛աւելնայ մեր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ,

Քեզ որ Անարատ Յղացեալ ես, մեզի մեղաւորներուս որպէս մայր շնորհած ըլլալուն համար։

Բոլոր արարածներուն միջեւ դուն միակն ես

որ զերծ ես մեղքէն, ըլլալով մայրը Յիսուսին,

Գառն Աստուծոյն՝ որ մեղքերը կը վերացնէ աշխարհէն։

Եւ սոյն եզակի առանձնաշնորհումը 

Քեզի տրուեցաւ մեր բոլորիս՝ քու զաւակներուդ  բարիքին համար։

Արդարեւ, քեզի նայելով, մենք կը տեսնենք Քրիստոսի յաղթանակը

Աստուծոյ սիրոյ յաղթանակը չարին վրայ.

Այնտեղ ուր մեղքը առատ էր, այսինքն մարդուն սրտին մէջ,

զեղուց շնորհքը,

Յիսուսին Արեան հեզ զօրութեան շնորհիւ։

Դուն, Մայր, մեզի կը յիշեցնես որ մենք մեղաւոր ենք, այո,

սակայն մեղքին ստրուկները չենք։

Քու Որդիդ, իր զոհաբերումով,

խափանեց չարին գերիշխանութիւնը, ու յաղթեց աշխարհին։

Այս է որ կը պատմէ բոլոր սերունդներուն քու սիրտդ,

պարզ երկնքի մը նման ուր քամին ցրուեց ամէն ամպ։

 Եւ այսպէս դուն կը յիշեցնես որ մեղաւոր ըլլալը եւ կաշառակեր ըլլալը, նոյնը չէ։Անոնք տարբեր են իրարմէ։

Տարբեր է իյնալ ապա դարձի գալով խոստովանիլ,

ու վերականգնիլ Աստուծոյ ողորմութեան օգնութեամբ։

Ուրիշ բան է չարին հետ կեղծաւոր համակեցութիւնը,

սրտի կաշառառութիւնը, որ արտաքինով անթերի կը յայտնուի,

սակայն ներքնապէս լի է չար դիտաւորութիւններով ու մանր եսասիրութիւններով։

Քու յստակ մաքրութիւնդ մեր կը կոչէ անկեղծութեան,

թափանցիկութեան, պարզութեան։

Որքան կարիքն ունին ազատելու

սրտի կաշառառութենէն, որ ամենածանր վտանգն է։

Այս մէկը անկարելի կը թուի, մեր թմրամոլութեան պատճառաւ,

սակայն կարելի է ձեռք բերել։

Բաւ է մեր հայեացքը բարձրացնենք քու Մայրական ժպիտիդ, քու անաղարտ գեղեցկութեան,

դարձեալ հասկնալու համար որ մենք չենք ստեղծուած չարին համար,

այլ բարիին, սիրոյ համար՝ Աստուծոյ համար։

Ասոր համար, ով Սուրբ Կոյս,

այսօր քեզի կը յանձնեմ բոլոր անոնք որոնք այս քաղաքին մէջ

ու համայն աշխարին մէջ, ծանրաբեռնուած են մեղքի պատճառած յուսալքումով ու անվստահութեամբ։

Անոնք որոնք կը կարծեն թէ իրենց համար այլեւս յոյս չկայ,

որ իրենց յանցանքները շատ են ու մեծ,

ու թէ Աստուած ժամանակ չունի իրենց համար։

Զանոնք կը յանձնեմ քեզի, որովհետեւ դուն՝ որ ոչ միայն մայր ես,

որ երբեք չի դադրիր սիրելէ իր զաւակները,.

 այլ նաեւ անարատ ես, եւ լի շնորհքով,

ու կարող ես մինչեւ ամենամութ խաւարին մէջ եւս թափանցել

Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին շողը։

Ան եւ միայն Ան, կը կոտրէ չարին կապանքները,

կ՛ազատէ ամենէ ծանր հակումներէ,

կը լուծարէ ամենէ յանցաւոր կապերէ,

ու կը մեղմացնէ ամենակարծր սրտերը։

Եւ եթէ այս մէկը պատահի մարդոց սրտերուն մէջ,

քաղաքին դիմագիծը կը փոխուի։

Փոքր ժեստերուն մէջ ու մեծ ընտրանքներուն միջոցաւ

արատաւոր շրջանակները կամաց կամաց կը դառնան առաքինի,

կեանքին որակը կը դառնայ աւելի նպաստաւոր

եւ ընկերային մթնոլորտը աւելի շնչելի։

Շնորհակալ ենք Քեզի Անարատ Մայր,

մեզի յիշեցնելու որ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն համար

մենք այլեւս մեղքի ստրուկները ենք,

այլ ազատ ենք, ազատ սիրելու, իրար սիրելու

եւ իրար օգնելու որպէս եղբայրներ, նոյնիսկ եթէ տարբեր ենք իրարմէ։

Շնորհակալութիւն որովհետեւ հովանիովդ մեզ կը քաջալերես

չամչնալու բարիէն այլ չարէն։

Մեզ կ՛օգնես հեռու պահելու չարը, որ խաբէութեամբ մեզ իրեն  կը քաշէ, մահուան ծիլերուն մէջ։

Մեզի կը պարգեւես Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու անուշ յիշողութիւնը,

 Աստուած որ անսահման սիրոյ հայր է,

կեանքի, գեղեցկութեան ու սիրոյ յաւերժական աղբիւր է։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2019, 17:10