Որոնել

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համաշխարհային օր Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համաշխարհային օր 

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

«Հաշմանդամութեամբ անձը կարօտը ունին ոչ միայն գողութիւն ունենալու այլեւ մաս կազմելու հասարակութեան մը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 դեկտեմբերին կը յիշատակուի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համաշխարհային օրը հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1992-ին։

Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը հրապարակած է որուն մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ նորոգելու մեր հաւատքի  հայեացքը՝ որ ամէն մէկ եղբօր ու քրոջ մէջ կը տեսնէ նոյնինքն Քրիստոսի ներկայութիւնը, զոր ամէն մէկ արարք որ կատարուած է ամենափոքր եղբայրներուն կը նկատէ իրեն կատարուած։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը կը յիշեցնէ  որ մասնակցելու  իրաւունքներու խթանումը կարեւոր դեր մը ունի հակազդելու խտրականութեան ու նպաստելու հանդիպումի ու որակաւոր կեանքի մշակոյթին ։

Դիտել տալով որ մեծ քայլեր կատարուեցան հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու նկատմամբ, ըլլայ բժշկական ըլլայ հոգածութեան ծիրէն ներս, Քահանայապետը նկատել կու տայ որ տակաւին գոյութիւն ունի նաեւ «մնացորդացի» մշակոյթը, որ կը բացառէ այդ անձերը, որուն համար հարկաւոր է ոչ միայն պաշտպանել հաշմանդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքը, այլ նաեւ աւելի մարդկային դարձնել անոնց առօրեան, վերացնելով այն բոլոր պատնէշներն ու արգելքները որոնք անոնցմէ կը բացառեն լիիրաւ քաղաքացիութիւնը։

«Հարկաւոր է հոգ տանիլ ու ընկերանալ հաշմանդամութեամբ անձերուն, կեանքի բոլոր հանգրուաններու ու պայմաններու ընթացքին, օգտագործելով նաեւ նորաձեւ արուեստագիտութիւնը, անոնց շնորհելով արժանապատուութիւն որպէսզի գործնականապէս կարողանան մասնակցիլ քաղաքացիական ու եկեղեցական կեանքին, որուն համար հարկաւոր է խիղճերու կազմաւորում,  որ կարող ըլլայ ամէն մէկ անձի մէջ նկատել անհատ մը՝ եզակի եւ անկրկնելի» կը գրէ Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ մատնանշելով նաեւ այն բոլոր անկարներուն, որոնք կ՛ապրին «թաքուն աքսոր» մը, տուներու եւ ընտանիքներուն ներքոյ, եւ որոնք շատ անգամ իրենք զիրենք կը զգան որպէս բեր մը, կամ «ծանրաշարժ ներկայութիւն» մը, որովհետեւ անոնցմէ բացառուած ու ժխտուած են իրենց ապագայի կերտումին մասնակցելու կարելիութիւնը։

Սրբազան Հայրը կը քննադատէ ապա կեանքերը  դասակարգերով նկատելու երեւոյթը՝ (առաջին կամ երկրորդ դասակարգի կեանք), այս ուղղութեամբ հրաւիրելով քաջութիւնն ունենալ ձայն տալու անոնց որոնք հաշմանդամութեան բերումով թիրախ են խտրականութեան։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ նաեւ  պետութիւններու օրէնսդրութիւններուն ինչպէս նաեւ մտայնութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան՝ յաղթահարելու համար անհաւասարութիւն արտադրող մշակոյթը։

«Հաշմանդամութեամբ անձը կարիքը ունի ոչ միայն գոյութիւն ունենալու, այլեւ մաս կազմելու հասարակութեան մը» կը հաստատէ  Սրբազան Պապը ու պատգամը կ՛եզրափակէ քաջալերելով բոլոր անոնք որոնք կը գործեն հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն հետ յարատեւելու իրենց այդ ծառայութեան ու յանձնառումին մէջ, որմէ կախեալ է ազգի մը քաղաքակրթութեան չափանիշը»։

Կ՛աղօթեմ որպէսզի ամէն մէկ անձ կարողանայ իր վրայ զգալ Աստուծոյ հայրական հայեացքը որ կը հաստատէ անձի լիիրաւ արժանապատուութիւնը ու անոր կեանքի անվերապահ արժէքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 09:00