Սուրբ Ծննդեան տօնին պատարագ Սուրբ Ծննդեան տօնին պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնին պատարագը երեկոյեան 9.30-ին։

Մսուրը կենդանի Աւետարանի նման է...Կը մաղթեմ որ Մսուրը շինելը ըլլայ առիթ Յիսուսը հրաւիրելու կեանքին մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի  24 Դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեանն ճրագալոյցն է։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս  Սրբազան  Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 9.30-ին  Սուրբ Պետրոսի  մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ  Ծննդեան ճրագալոյցի հանդիսաւոր պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասը, կղերականներ ու բազմահազար հաւատացեալներ։ Արարողութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ՝ շնորհիւ «Վատիկան Մետիայի» սփռումներուն։

Յայտնենք թէ Վերոնշեալ Սուրբ Պատարագէն   առաջ նախատեսուած է «Kalenda»ի շարականի երգը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թափորով կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մուտքի մէկ խորանին մէջ կառուցուած մսուր, այնտեղ զետեղելու համար Մանուկ Յիսուսի արձանը,  ի խորհրդանիշ մեր Փրկչին Ծննդեան։

Մինչ Վաղը դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի  կեդրոնական պատշգամէն իր Ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի»  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

Յայտնենք թէ Սուրբ Ծննդեան տօնի ճրագալոյցի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց երկու թուիթներ կատարելով հետեւեալ գրառումները. 

«Մսուրը կենդանի Աւետարանի նման է. Ան Աւետարանը կը տանի տուներուն, դպրոցներուն աշխատանքի ու հանդիպման վայրերուն, հիւանդանոցներուն ու խնամառուներուն մէջ, բանտերուն ու հրապարակներուն վրայ»։  

«Կը մաղթեմ ուրեմն որ Մսուրը շինելը ըլլայ առիթ Յիսուսը հրաւիրելու կեանքին մէջ, որովհետեւ եթէ ինք այնտեղ բնակի՝ մեր կեանքը կը վերածնի եւ իսկապէս Ծնունդ պիտի ըլլայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 13:30