Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի հաւատացեալներուն պատարագը։ Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի հաւատացեալներուն պատարագը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի հաւատացեալներուն պատարագը։

«Այս արարողութեամբ մենք կ՛ուզենք պատրաստուիլ Սուրբ ¬Ծննդեան տօնին, կ՛ուզենք յանձնառու ըլլալ բացայայտելու Աստուծոյ սէրն ու քնքշութիւնը բոլորին նկատմամբ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրէն ետք 4.30ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գալստեան երրորդ կիրակի օրուան առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի հաւատացեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհին առթիւ Սրբազան Պապը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, մատնանշեց Եսայի մարգարէին  խօսքերուն, ուր Ան հրաւէր կ՛ուղղէ աշխարհին՝ հրճուելու Տիրոջ գալուստին համար, որ իր ժողովուրդին փրկութիւն կը բերէ։ «Ան կու գայ բանալու կոյրերու, խուլերու աչքերն ու ականջները, ու բժշկելու կաղերն ու համրերը։ Փրկութիւնը նուիրուած է բոլորին ու Տէրը յատուկ քնքշութիւն կը վերապահէ ամենադիւրաբեկներուն, ու աղքատներուն»։

«Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ փրկարար սէրը աւելի շօշափելի կը դառնայ։ Անորմով մենք կ՛ազատինք չարէն ու մեզի կը հռչակուի ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը»,  ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ գոյութենական արուարձաններու բնակիչներուն, «որոնք տակաւին շատ են եւ որոնց համար պէտք է Տիրոջմէ հայցենք որ վերանորոգէ Սուրբ Ծննդեան հրաշքը, մենք մեզ նուիրելով որպէս իր ողորմած սիրոյ գործիքներ՝ ի նպաստ ամենայետիններուն»։

«Ասոր համար է որ Եկեղեցին մեզի կը նուիրէ գալստեան շրջանը, որուն համար յատուկ եկեղեցիները ունին աւանդական ջերմեռանդութիւններ» ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եկեղեցւոյ «Սիմպանկ Կապի» անուանուած իննօրեայ ջերմեռանդութեան, որ տարիներէ ի վեր կը յիշատակուի նաեւ երկրէն դուրս, եւ այսօր Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ յարեց Քահանայապետը աւելցնելով որ «այս արարողութեամբ մենք կ՛ուզենք պատրաստուիլ Սուրբ ­Ծննդեան տօնին, կ՛ուզենք յանձնառու ըլլալ բացայայտելու Աստուծոյ սէրն ու քնքշութիւնը բոլորին նկատմամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ խօսքը ուղղելով ներկաներուն յարեց թէ անոնք ունին յատուկ առաքելութիւն ու թէ անոնց հաւատքը ըլլալու է թթխմոր այն ժողովրդապետութիւններուն մէջ ուր կ՛ապրին այսօր։

Կը քաջալերեմ ձեզ կրկնապատկելու հանդիպումի հնարաւորութիւնները ու կիսելու ձեր մշակութային եւ հոգեւոր հարստութիւնները ու թոյլ տալու հարստանալ ուրիշներու փորձառութիւններով։

Բոլորս կանչուած ենք միասին կառուցելու տարբերութեան մէջ հաղորդութիւնը որ սկիզբ առած է Յիսուս Քրիստոսի հետ, մարդեղացած Աստուծոյ որդին։

Ամէնքս կանչուած ենք բարեսիրութիւնը իրագործելու գոյութենական արուարձաններու մէջ ապրողներուն նկատմամբ, բոլորին տրամադրութեան տակ դնելով մեր տարբեր պարգեւները, նորոգելու համար Թագաւորութեան ներկայութեան նշանները։

Ամէնքս կանչուած ենք ամէն լեզուներով հռչակելու Աւետարանը՝ փրկութեան Բարի Լուրը, որպէսզի հնարաւորին չափ հասնի բազմաթիւ անհատներու։

Սուրբ  Մանուկը որ պարուրուած է խանձարուրին մէջ ձեզ օրհնէ ու ձեզի տայ ուժը՝ ուրախութեամբ յառաջ տանելու ձեր վկայութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2019, 17:11