ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոյր Մարիա Տօ Չէու Փերեյրա ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոյր Մարիա Տօ Չէու Փերեյրա 

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպած է 90 ամեայ Քոյր Մարիա Տօ Չէու Փերեյրայի

Քոյր Փերեյրա՝ 70 տարի ի վեր կ՛ապրի Վատիկանի մէջ ու ծառայած է եօթը Քահանայապետերու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 2 դեկտեմբեր 2019-ին իր 90-րդ տարեդարձին առթիւ Քոյր Մարիա Տօ Չէու Փերեյրա, գոհաբանութիւն յայտնեց Տիրոջ մասնակցելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առաւօտեան Սուրբ պատարագին, ու ապրելով «յուզումի մեծ պահ մը», երբ առիթը ունեցաւ ողջունելու Քահանայապետը ու անորմէ ընդունելու շնորհաւորութիւններն  ու թելադրանքը՝  «յառաջ ընթանալու՝ ուրախութիւնը սրտին մէջ»։

Ունկնդրէ լուրը

Քոյր Փերեյրան՝ անդամ է Մարիամի Միսիոնարներ Ֆրանչիսկեան միաբնութեան, որ  1926 էն ի վեր Պիոս ԺԱ օրով իրենց գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը կը կատարեն Վատիկանի մէջ։

Ան ծնած է 2 դեկտեմբեր 1929-ին Փորթուկալի Ածեվօ քաղաքին մէջ, Իտալիա հասած է որպէս նորընծայ եւ ուխտերը կատարած է Կրոթաֆերրաթայի վանքէն ներս, ու 1949-էն սկսեալ իր ծառայութիւնը մատուցած է Վատիկանի մէջ, ուր ան զբաղած է լուացքով, դերձակութեամբ, խոհանոցով եւ նոյնիսկ «կօշկակարութեամբ» յայտնած է Քոյր Փերեյրա Վատիկանի «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Ան յիշած է թէ երբ Պիոս ԺԱ Պապը հիւանդ էր՝ ինք մօտէն հետեւած է անոր ու թէ ինչպէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին Պօղոսեան մատրան մէջ կ՛աղօթէր՝ ժողովին յաջողութեան համար։ 

Քոյր Փերեյրա Պօղոս Զ քահանայապետի հրաւէրով տարիներ ամբողջ  ծառայած է հիւանդ Կարդինալ՝ Վիրճիլիօ Նոէի, մինչեւ անոր մահը, միեւնոյն ատեն աշխատելով  Վատիկանի դրոշմահաւաքի գրասենեակին մէջ եւ կրօնք դասաւանդելով Սուրբ Վարդարանի ժողովրդապետութեան մէջ, ու նաեւ զբաղելով Հռոմի Փորթուկալական հասարակութեան հովուական խնամակալութեամբ, ծառայութիւն մը որ շարունակէ նաեւ այսօր՝ մեծ խանդավառութեամբ։

«Սակայն ամենագեղեցիկ առաքելութիւնը Քահանայապետին ու Եկեղեցւոյ համար աղօթելն է լռութեան մէջ» ըսած է Քոյր Փերեյրա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2019, 15:30