Որոնել

Քահանայապետի Կրէչչօ սրբավայրին տուած այցելութիւնը։

2016-էն ետք այս երկրորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Կրէչչոյի սրբավայրը ուր որոշեց ստորագրել եւ հրապարակել Սուրբ Մսուրին հայող «Հրաշալի նշան» բնաբանով առաքելական նամակը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ դեկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղաթիռով մեկնացաւ Կրէչչօ՝ այցելութիւն տալու Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Կրէչչոյիի սրբավայրին, վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին կառուցեց պատմութեան առաջին մսուրը։

Ունկնդրէ լուրը

2016-էն ետք այս երկրորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Կրէչչոյի սրբավայրը ուր որոշեց ստորագրել եւ հրապարակել Սուրբ Մսուրին հայող «Հրաշալի նշան» բնաբանով առաքելական նամակը։

Կրէչչօ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն քաղաքապետին ու եպիսկոպոսներու կողմէ, որոնց հետ կային նաեւ խումբ մը անկարներ ու հիւանդներ զոր Նորին Սրբութիւնը ողջունեց մէկիկ մէկիկ, ապա մտաւ Սրբավայր ուր նախ քան խորանին վրայ զետեղուած առաքելական նամակը ստորագրելը պահ մը ամփոփուեցաւ լռելեան աղօթքի մէջ։

Սոյն ճամբորդութիւնը յայտարարած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ըսելով.  «Պիտի մեկնիմ Կրէչչօ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին կառուցած առաջին մսուրին մօտ, աղօթելու ու Աստուծոյ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին ուղարկելու նամակ մը, հասկնալու համար մսուրին իմաստը»։

Քահանայապետը Կրէչչօ ժամանեց 15.45-ին եւ ուղղուեցաւ Կրէչչոյի Սրբավայր ուր նախագահեց աղօթքի եւ սուրբ գրային ընթերցումի արարողութիւնը, ապա նոյն վայրին մէջ ստորագրեց Սուրբ Մսուրին հայող նամակը։

Սրբավայրին մէջ Սրբազան Պապը  ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն յարեց թէ այս վայրինմէջ որ շատ սիրելի էր Սուրբ Ֆրանչիսկոսին կանչուած ենք վերագտնելու պարզութիւնը։

Սուրբ մսուրը զոր Սուրբ Ֆրանչիսկոս կառուցեց առաջին անգամուայ համար այս վայրին մէջ արդեն իսկ խօսուն է, ու անոր դիմաց մենք կը հասկնանք թէ մեր կեանքին համար որքան կարեւոր է գտնել լռութեան եւ աղօթքի պահեր։  Լռութիւն՝ խոկալու համար Յիսուս Մանուկի Աստուծոյ որդոյն դիմագիծի մասին, որ ծնաւ ախոռի մը աղքատութեան մէջ եւ աղօթք՝ շնորհակալութիւն յայտնելու այն սիրոյ վսեմ շնորհքին համար զոր ան մեզի պարգեւեց։

Սոյն պարզ ու հրաշալի նշանին դիմաց որ ժողովրդային գթութիւնը ընկալեց ու փոխանցեց սերունդէ սերունդ կը յայտնուի մեր հաւատքի մեծ խորհուրդը։ Աստուած կը սիրէ մինչեւ այն աստիճան որ կը կիսէ մեր մարդեղութիւնն ու մեր կեանքը։ Ան մեզ երբեք մինակ չի թողուր։ Ան Էմմանուէլն է՝ Աստուած մեզի հետ։

Բեթղեհէմի հովիւներու նման ընկալենք հրաւէրը երթալու մինչեւ քարայր՝ տեսնելու ու ճանչնալու Աստուծոյ նշանը, որպէսզի մեր սիրտը լեցուի ուրախութեամբ ու զայն տանինք այնտեղ ուր կայ տխրութիւն։

Մարիամին ու Սուրբ Յովսէփին հետ միասին մեր աչքերը սեւեռենք Մանուկ Յիսուսին։ Թող որ անոր ժպիտը որ ծիլ կ՛առնէ գիշերուան ընթացքին, փարատէ անտարբերութիւնը ու սրտերը բանայ ուրախութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2019, 16:42