Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանի «ընտանիքին»։ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանի «ընտանիքին»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանի «ընտանիքին»։

Սանթա Մարթայի մանկաբուժարանը հիմնուած է 8 մայիս 1922-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանի մէջ գործող անձնակազմի ու հիւանդներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Սանթա Մարթայի մանկաբուժարանը հիմնուած է 8 մայիս 1922-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով։ Անոր խնամատարութիւնը յանձնուած է  Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլոյի բարեսիրութեան դուստրերու միաբանութեան, որ իր  կարգին կը համագործակցի Յիսուս Մանուկ Հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմին հետ ու Հռոմի այլ հիւանդանոցներուն հետ։

Մանկաբուժարանի հիմնադրութիւնը կը պարտինք Նիուեորքացի Տիկին Տուլա Տրաչէքին որ 1921ի Հոկտեմբեր 3-ին Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետին առաջարկած էր Հռոմի աղքատ մանուկներուն համար ստեղծել կաթ բաժնելու ծառայութիւն մը, տրուած ըլլալով որ ինք «Դիրեչքօ» փոշի կաթի ընկերութեան բաժնետէր էր։

Քահանայապետը համաձայն կը գտնուի ծրագրին ու մահուան սեմին 1922-ի Յունուար 22-ին իր համագործակիցներուն կը  թելադրէ շարունակութիւն տալ Հռոմի աղքատ մանուկներուն ի սպաս ստեղծուած Սանթա Մարթայի ծառայութեան, որ ապա տարիներու ընթացքին կը զարգանայ ու կը հարստանայ այլ բաժանումներով եւ ուտեստեղէնէն անդին կը սկսի մատակարարել նաեւ բժշկական խնամատարութիւն 0էն մինչեւ 12 տարեկան աղքատ մանուկներուն։

2008-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կամքով մանկաբուժարանը կը վերածուի հիմնարկի եւ կ՛ունենայ իր սեփական սահմանադրութիւնը ու Քահանայապետին հովանին։ Հիմնարկին նախագահն է Քահանայապետական ողորմաբաշխը։

Ներկայիս մանկաբուժականին մէջ կը խնամուին 310 մանուկներ եւ սփոփանք կը գտնեն հարիւրաւոր ընտանիքներ։

2022 թուականին Սանթա Մարթա Մանկաբուժարանը պիտի բոլորէ իր ծառայութեան 100 ամեակը։

Մանկաբուժարանի ընտանիքն հետ ունեցած հանդիպումին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը զրուցելով ներկաներուն հետ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ու յատկապէս մանուկներու ներկայութեան համար, «որոնք կ՛ուրախանան եւ կ՛ուրախացնեն», ըսաւ Սրբազան Պապը որ ապա հրաւիրեց այնտեղ զետեղուած մսուրին մօտ տեղադրուած երեք սնտուկներու վրայ արձանագրուած խօսքերը կարդալ. «Յոյս, Սէր եւ…. Պատերա՞զմ», հարց տուաւ Քահանայապետը ու մանուկները արձագանքեցին «ո՛չ խաղաղութիւն»։ Նորին Սրբութիւնը առ այդ  դիտել տուաւ թէ ինչպէս պատերազմը կը կործանէ կը սպանէ ու թէ զայն յաղթահարելու համար կարիքը կայ սիրոյ։

«Խաղաղութիւն սէր եւ յոյս» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ Յոյսը կու գայ Տիրոջմէն, ապա մանուկներուն մի քանի անգամ կրնկել տուաւ երեք բառերը՝ Սէր, Խաղաղութիւն, եւ Յոյս, եւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք,  անոնց վստահեցուց որ պիտի աղօթէ իրենց համար ու խնդրեց որ իրենք ալ նոյնը կատարեն իրեն համար։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2019, 11:30