Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի՝ Վատիկանի Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի՝ Վատիկանի Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ 

Քուրիան՝ Վատիկանի Վերին իշխանութիւնը կը փոխուի աւելի լաւ ծառայելու համար մարդկութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Եւ Բանն մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհաննէս 1, 14)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Քուրիայի՝ Վատիկանի Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ ունեցած Սուրբ Ծննդեան աւանդական հանդիպումին առթիւ անոնց խօսեցաւ Վատիկանեան հաստատութիւններու բարեփոխումներու մասին, ակնարկելով  նոր բաժանմունքներու ստեղծումի հարկաւորութեան ու անոնց նպատակին։

Ունկնդրէ լուրը

«Կը փոխուինք ըսաւ Սրբազան Պապը յաղթահարելու համար  կարծրութիւնն ու վախերը ու աւելի լաւ հռչակելու աւետարանը ապաքրիստոնէացած աշխարհի մը մէջ։

Ակնարկելով Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցելով բոլոր ներկաներուն Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Քրիստոսի Ծնունդը «սիրոյ դաշինք» մըն է որ կնքուած է Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ,  ապա ակնարկեց Կարդինալ Նիումընի խօսքերուն որ կը թելադրէ  Սուրբ Ծննդեան շրջանը ապրիլ Յիսուսին նման, «ըլլալ աւելի հեզ, աւելի սուրբ ու աւելի բարեսիրտ ու միշտ աւելիով լեցուած Աստուծմով»։

 «Այս մէկը անմեղութեան, բիւրեղացումի. անուշութեան, ուրախութեան եւ խաղաղութեան ժամանակն է» կը գրէ Կարդինալ Նիումըն։

Փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ, Հռոմի Քուրիան չի փոխուիր պարզապէս փոփոխութեան համար, կամ «նորոյթի հետեւելու համար»։ Եկեղեցին զարգացումն ու աճումը կ՛ապրի Աստուծոյ հեռանկարով ու միւս կողմէն Աստուածաշունչի պատմութիւնը «ուղեւորութիւն մըն է, որ յատկանշած է մեկնարկներով ու վերսկսումներով»։  Ահա թէ ինչու նոր Սուրբերէն մին Կարդինալ Նիումըն՝ երբ կը խօսէր «փոփոխութիւններու» մասին իսկականին մէջ կը հասկնար «դարձը»։

«Նիումընի համար փոփոխութիւնը դարձ էր, այսինքն ներքին կերպարանափոխում» նշեց Նորին Սրբութիւնը ու նախ քան իր սրտին խօսող նիւթին մատնանշելը իր ունկնդիրները մղեց կապի մէջ մտնելու այն համոզումին հետ որ ի սկզբանէ կ՛առաջնորդէ իր վարդապետութիւնը, այսինքն «չենք ապրիր պարզապէս փոփոխութիւններու  դարաշրջան մը,  այլ դարաշրջանի փոփոխութիւնը»։ Կ՛ապրինք պահեր ուր փոփոխութիւնները կը կազմեն ընտրանքներ որոնք արագօրէն կը փոխեն մեր ապրելակերպը, մեր յարաբերութիւնները, մեր հաղորդակցելու ձեւերը եւ հաւատքն ու գիտութիւնը ապրելու եւ հասկնալու կերպերը։

Խօսելով Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումներու մասին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ անոնք «երբեք ինքնահաւանութիւնը չունեցան այնպէս գործելու թէ առաջ ոչ մի բան գոյութիւն ունէր»,  ընդհակառակը «անոնք փորձեցին արժեւորել այն ինչ որ լաւ էր Քուրիայի պատմութեան մէջ»։

«Կարեւոր է արժեւորել պատմութիւնը՝ կառուցելու համար զօրեղ հիմք ունեցող ապագայ մը, որ ունենայ այնպիսի արմատներ որոնք կարող ըլլան մեզ ցոլացնելու պտղաբեր ապագայի մը մէջ», յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «յիշողութեան դիմելը չի նշանակեր կառչիլ ինքնապահպանութեան, այլ կեանքի կոչել յարատեւ զարգացումի մէջ ընթացքի մը կենսունակութիւնը։ Յիշողութիւնը անշարժ չէ, շարժուն է։ Բնոյթով ան շարժում կ՛ենթադրէ։

Քահանայապետը առ այդ անդրադարձ կատարեց «Քուրիայի վերակազմակերպումի  նորութիւններուն, ինչպէս 2017-ի աւարտին Պետական Քարտուղարութեան երրորդ բաժանմունքի ստեղծումը, որուն հետեւանքով փոխուեցան նաեւ  Հռոմի Քուրիայի ու յատուկ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ Եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութեան՝ Աւետարանումը, «որ է նաեւ Վատիկանեան բարեկարգումներու նպատակը» ըսաւ Ան, դիտել տալով որ կառոյցներու բարեկարգումները կը պահանջեն հովուական դարձ մը, որպէսզի անոնք դառնան աւելի միսիոնար։

«Աւետարանի տարածումը կը պահանջէ խոր վերանորոգում» դիտել տուաւ ապա Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց  Հաւատոյ Ժողովին ու Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովին, նկատել տալով թէ անոնք   ստեղծուած են տարբեր դարաշրջանի մը մէջ, երբ աւելի դիւրին էր զանազանել երկու իրականութիւնները՝ մէկ կողմէն քրիստոնեայ աշխարհ մը ու միւս կողմէն տակաւին աւետարանելիք աշխարհ մը։  Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ի յայտ դրաւ թէ այսօր այդ իրավիճակը գոյութիւն չունի։ Այն ժողովուրդները որոնք տակաւին չ՛ընդունեցին Աւետարանը կ՛ապրին ամենուրէք ու յատկապէս քաղաքային կեդրոնացումներու վայրերուն մէջ որոնք կարիքը ունին յատուկ հովուական գործընթացի մը։

«Մեծ քաղաքներուն մէջ պէտք ունինք այլ քարտէսներու եւ այլ տիպարներու, որոնք մեզ օգնելու են  մեր մտածելակերպերն ու մեր վերաբերմունքը ուղղելու, որովհետեւ այլեւս քրիստոնէութեան դարաշրջանի մէջ չենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  նշելով որ «ասոր համար Վատիկանեան հաստատութիւններու վերաձեւաւորումը խթան է Աւետարանի նոր հռչակումին»։

«Ամէն բան, պէտք է այսօրուայ աշխարհի մէջ աւետարանութեան պատշաճ խողովակ դառնայ» ու այդ պահանջին կը համապատասխանէ Հաղորդակցութեան Բաժանմունքը որուն մէջ ներառուեցան Վատիկանեան հաղորդակցութեամբ զբաղող իրարմէ անկախ ինը կառոյցներ  ու այս եղաւ ոչ թէ որպէս զուտ համակարգող խմբաւորում, այլ ներդաշնակելու համար ուժերը, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ ծառայութիւն արտադրուի, մշակոյթի մը մէջ որ բացայայտօրէն թուայնացուած է։

«Նոր մշակոյթը, կարիքը ունի պատշաճ պատասխանի եւ այսօր կը գերակշռէ բազմահաղորդակցութեան ձեւը ու այս մէկը մշակութային փոփոխութեան հետ միասին կ՛ենթադրէ նաեւ անձնական ու կառուցային փոխակերպում  մը, որպէսզի ջրազերծ խցիկներու գործունէութենէն – ուր լաւագոյն դէպքերուն կար որոշակի համակարգայնութիւն – անցնինք ներքին ու մտերմիկ կերպով իրար կապուած համատեղ գործունէութեան:

«Նոյն ճակատագիր ունեցաւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Բաժանմունքը որ իր մէջ ներառեց Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը, Քոր Ունում բարեսիրական հաստատութիւնը, Գաղթականներու հովութեան եւ առողջապահական գործիչներու խորհուրդները» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ

«Եկեղեցին կանչուած է բոլորին յիշեցնելու որ անիկայ պարզ ընկերային կամ արտագաղթի հարց մը չէ այլ կը հայի մարդկային անհատներու, եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք այսօր խորհրդանիշն են համաշխարհայնացած ընկերութեան բացառուածներուն։ Եկեղեցին կանչուած է վկայելու որ Աստուծոյ համար ոչ մէկը օտարական է կամ բացառուած։ Ի տես միջերկրական ծովին՝ որ շատերուն համար դարձաւ գերեզման,  Եկեղեցին  կանչուած է արթնցնելու անտարբերութենէ դառնացած խղճերը»։

Ֆրանչիսկոս Պապը չի բացառեց բարեկարգումները ի գործ դնելու  դժուարութիւնը, աստիճանական ընթացքին պահանջը, մարդկային սխալները, որոնց հետ կարելի չէ եւ արդար չէ հաշիւ չընել։

«Այս պատմական դժուար գործընթացին միշտ ալ կը միանայ փորձութիւնը վերադառնալու անցեալին» յարեց Սրբազան Պապը ու այս ուղղութեամբ յանձնարարեց  հեռու մնալ կարծրութեան վերաբերմունքէն։ Կարծրութիւնը շատ անգամ յառաջ կու գայ փոփոխութեան վախէն որ կը մղէ ամենուրէք խոչընդոտներ բարձրացնելու հասարակաց բարիքի դաշտին մէջ, զայն դարձնելով՝ անհաղորդակից ու ատելութեան ականուած դաշտ…»

Միշտ ալ յիշենք որ ամէն մէկ կարծրութեան ետին կայ նաեւ անհաւասարակշռութիւնն։ Կարծրութիւնն ու անհաւասարակշռութիւնը իրար զիրար կը սնուցեն արատաւոր շրջապատի մը մէջ։

Քահանայապետը պատգամին վերջին խօսքերը կը թողու երջանկայիշատակ կարդինալ Մարթինիին որ մահուան սեմին հաստատեց »Եեղեցին 200 տարի ետ մնացած է։ Ինչպէս կ՛ըլլայ  որ ան չի թափահարիր։ Վախ ունի՞նք։ Վախ փոխան քաջութեան։ Ամենայնդէպս հաւատքը Եկեղեցւոյ հիմքն է։ Հաւատքը, վստահութիւնն ու քաջութիւնը….միայն սէրն է որ կարող է յաղթահարեր յոգնութիւնը»։

Vatican.va

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 10:49