Որոնել

Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի գմբեթը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի գմբեթը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019 -2020 Սուրբ Ծննդեան շրջանին գլխաւորած արարողութիւնները։

Դեկտեմբեր 25ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Սրբազան Հայրը համայն աշխարհին կ՛ուղղէ «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 12 դեկտեմբեր 2019-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ օրերուն մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի ու Ամանորի առթիւ գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը։

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 24  Դեկտեմբեր 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ երեկոյեան ժամը 9.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը, որմէ առաջ տեղի կ՛ունենայ «Kalenda»ի շարականի երգեցողութիւնը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծիսական Ծնունդը։

Յաջորդ օր՝ դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի  կեդրոնական պատշգամէն Սուրբ Ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի»  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։ 

2019 տարուայ վերջին օրը ՝  Դեկտեմբեր 31ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին օրը,  Նորին Սրբութիւնը, երեկոյեան ժամը 5-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի մէկ  Յունուար 2020 ին։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ տօնին ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Սրբազան պապը  Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Խաղաղութեան Համաշխարհային  օրուան 2020ի պատգամին  բնաբանն է «Խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւն. Երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ բնապահպանական դարձ»։

6 Յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ եւս, Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ կը  գլխաւորէ Աստուածայայտնութեան տօնի հանդիսաւոր սուրբ պատարագը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 12:00