Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսոս Պապը Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն.« Յիսուս ձեզմէ կը խնդրէ ըլլալ կամուրջներ»։

Յիսուս իր ծնունդով կամուրջ դարձաւ Աստուծոյ ու մարդկանց միջեւ, երկինքը հաշտեցուց երկրi հետ, ու վերահաստատեց համայն մարդկային ցեղին միութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 16 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա իտալական բանուորական շարժումի անդամ պատանիներուն, Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի հիմնադրութեան  50 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած այցելութեան համար գնահատեց շարժումի՝ պատանիներուն    սահմանուած ծրագիրը, որով անոնք գիտակից կը դառնան աշակերտ միսիոնար իրենց կոչումին։

«Ուրախ եմ նաեւ որ դուք ապրեցաք «պատանիներ սիւնհոդոսի մէջ» վերնագիրով կարեւոր հանդիպում մը ու հետաքրքրական է իմանալ թէ ինչ արդիւնք բերաւ այդ հանդիպումը» յարեց Սրբազան Պապը հուսկ ներկաներուն տուաւ յատուկ պարտականութիւն մը. Սուրբ Ծննդեան օրը ամփոփուելու աղօթքի մէջ, հովիւներուն այն նոյն զարմանքով, նայելով Մանուկ Յիսուսին որ աշխարհ եկաւ Աստուծոյ սէրը բերելու եւ որ ամէն ինչ կը վերանորոգէ»։

Յիսուս իր ծնունդով կամուրջ դարձաւ Աստուծոյ ու մարդկանց միջեւ, երկինքը հաշտեցուց երկրi հետ, ու վերահաստատեց համայն մարդկային ցեղին միութիւնը։  Եւ Այսօր Ան ձեզմէ եւս կը խնդրէ որ ըլլաք փոքրիկ կամուրջներ որովհետեւ մեծ պահանջ կայ այս կամուրջներուն։ Այդ պարականոնութիւնը դիւրն չէ սակայն եթէ Յիսուսին միացած ըլլանք կարելի է ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ճառը աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով ներկաներուն ուղեւորութիւնը հրաւիրելով զանոնք հետեւելու Տիրամօր օրինակին ու անորմէ սորվելու Ծննդեան իմաստը։

Քահանայապետը հուսկ բոլորին պարգեւեց իր օրհնութիւնները  ու խնդեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2019, 12:13