Աստուածային ողորմութեան նուիրուած ֆրանսական եկեղեցական շարժումներու եւ կազմակերպութիւնները Վատիկանի մէջ։ Աստուածային ողորմութեան նուիրուած ֆրանսական եկեղեցական շարժումներու եւ կազմակերպութիւնները Վատիկանի մէջ։ 

Աստուածային ողորմութեան նուիրուած ֆրանսական եկեղեցական շարժումները եւ կազմակերպութիւնները Վատիկանի մէջ։

«Եկեղեցին առաքելութիւնն ունի հռչակելու Աստուծոյ ողորմութիւնը, որ Աւետարանի տրոփող սիրտն է, որ եկեղեցւոյ միջոցաւ պիտի հասնի իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու մտքին»՝

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 13 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Աստուածային ողորմութեան նուիրուած Ֆրանսական եկեղեցական շարժումներու, միաբանութիւններու եւ ընկերակցութիւններու անդամները։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Քահանայապետը նշեց թէ անոնք միացած են աշխարհին ողորմութեան ուրախութիւնը ճանչցնելու մէջ, ամէն մին իր շնորհապարգեւի համաձայն, ծառայելով գաղթականներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն, անկարներուն, վիրաւոր ընտանիքներուն ու անապահով պայմաններու մէջ ապրող մարդոց, ու այս «մէկը ցոյց կու տայ թէ Աստուած կ՛ուզէ հասնիլ մարդկութեան բոլոր աղքատութիւններուն»։

«Եկեղեցին առաքելութիւնն ունի հռչակելու Աստուծոյ ողորմութիւնը, որ Աւետարանի տրոփող սիրտն է, որ եկեղեցւոյ միջոցաւ պիտի հասնի իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու մտքին»՝ յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ ողորմութիւնը այն վեհ արարքն է որով Աստուած մեզի կու գայ ու մեր սրտերը կը բանայ յոյսին՝ թէ մենք սիրուած ենք յաւիտեան, անկախ մեր մեղքերէն ու մեր աղքատութիւններէն։

«Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ տեսանելի դարձաւ Յիսուս Քրիստոսի  միջոցաւ» ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով Ողորմութեան Տարուայ կոնդակին ուր շեշտած էր ողորմութեան կարեւորութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնելով որ Ֆրանսայի Եկեղեցին եւս կարեւորած է ողորմութիւնը, մաղթելով որ անոնք կարողանան իրենց շուրջը վկայել նաեւ աւետարանութեան ուրախութիւնը, որով կը հռչակուի Աստուծոյ ողորմութիւնը ու աշխարհին տարածել ողորմութեան մշակոյթը, որուն մեծ կարիքը կայ։

Այդ ուղղութեամբ Քահանայապետը պատուիրեց որ անոնք իրենց սրտերուն մէջ միշտ կենդանի պահեն իրենց վկայած ողորմութիւնը։ Եւ միւս կողմէ յիշեցուց թէ ողորմութեան իսկական առաքեալներ դառնալու համար, հարկաւոր է նախ եւ առաջ գիտակից ըլլալ թէ մենք եւս այդ ողորմութեան արժանացած ենք Հօր Աստուծոյ կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին ակնարկելով Սուրբ Ծննդեան հրաւիրեց ներկաները՝ խոկալու Սուրբ Մսուրին վրայ, լսելու, ու դպչելու Աստուածորդիի աղքատութեան որ մարդեղացաւ։ Այդ մէկը հրաւէր է հետեւելու անոր հեզութեան, աղքատութեան ու նուաստացումի ճանապարհին վրայ՝ Բեթղեհէմի քարայրէն մինչեւ գողգոթայի Խաչը։

«Այս մէկը կոչ է հանդիպելու Յիսուսին ու ողորմութեամբ ծառայելու անոր կարիքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ» յարեց Ան ու Խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով Սուրբ Ծննդեան ուրախալի տօն մը խնդրելով  որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2019, 12:20