Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «A Chance in Life» կազմակերպութեան անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «A Chance in Life» կազմակերպութեան անդամները։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «A Chance in Life» կազմակերպութեան անդամները։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց նոր սերունդին դաստիարակութիւնը ի նպաստ գործունեայ եւ մասնակից քաղաքացիութեան մը որ որպէս կեդրոն ընտրէ մարդ անհատը եւ բնապահպանումը,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 9 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց  «A Chance in Life» կազմակերպութեան անդամները ու կազմակերպութեան համակիրները։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց կազմակերպութեան հիմնադիր Գերապայծառ Ժոն Փաթրիք Քարրոլլ Ապպինկին որ երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին ստեղծած է կազմակերպութիւնը հոգ տանելու հարիւրաւոր որբերուն։

Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ անոր գործունէութիւնը տարածուեցաւ ու հասաւ Պոլիվիա, Քոլոմպիա, Կուաթեմալա եւ Փերու ապա ակնարկեց  «Երախաներու քաղաք»ի հիմնադրութեան,  որ կարելի դարձաւ նաեւ կազմակերպութեան համակիրներու շնորհիւ, ծառայութիւն մատուցելու համար դիւրաբեկութեան մէջ գտնուող երախաներուն,  հիմնուելով ինքնակառավարման դաստիարակչական մեթոդաբանութեան մը վրայ» յարեց Սրբազան Պապը, գնահատելով հիմնարկի առաքելութեան յարատեւ վերանորոգումը՝ դիմագրաւելու համար  դաստիարակչական մարզէն ներս ի յայտ եկած  նոր մարտահրաւէրները, նպատակակէտ ունենալով մարդկութեան ու արարչութեան զարգացումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց նոր սերունդին դաստիարակութիւնը ի նպաստ գործունեայ եւ մասնակից քաղաքացիութեան մը, որ որպէս կեդրոն ընտրէ մարդ անհատը եւ բնապահպանումը, այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ նորաձեւ արուեստգիտութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց յանձնառումին մէջ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին համար ի նպաստ փոքրիկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մաղթելով որ Աստուած վարձատրէ անոնց այդ գործը ու լուսաւորէ իրենց եղբայրութեան ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով ներկաներէն անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 11:31