Թեզէի հաւաք Թեզէի հաւաք 

Քահանայապետի պատգամը Թեզէի երիտասարդական 42 հաւաքին առթիւ։

«Վաղն մի սպասէք ձեր համարձակութեամբ, ձեր ստեղծագործութեամբ ու ձեր եռանդով համագործակցելու աշխարհի բարեփոխութեան ուղիով…» թելադրեց կարդինալ Փարոլինը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեհաստանի մէջ գումարուած Թեզէի համամիութենական հասարակութեան 42-րդ եւրոպական հանդիպումին առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին անոնց ուղղեց պատգամ մը որուն սկիզբը մատնանշեց թէ այդ 42-րդ հաւաքը կը կայանայ Սուրբ Յովհանէս Պօղոսի ծննդավայրին մէջ ու թէ սուրբ Քահանայապետին յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց կ՛ընկերանայ իր աղօթքով ու զանոնք կը քաջալերէ Լեհաստանի քրիստոնեաներուն հետ յարաբերութեամբ, խորացնելու հաւաքին առթիւ ընտրուած նիւթը. «միշտ ուղեւորութեան մէջ՝ երբեք արմատախիլ չեղած»։

Ունկնդրէ լուրը

Լեհաստանը, կը գրէ Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ, իր արմատները խարսխած է հաւատքին մէջ։  Անոնք արմատներ են՝ որոնք այդ ժողովուրդին առիթ տուին կանգուն մնալու մեծ դժուարութիւններու ընթացքին, երբ յոյսը խորտակուած էր։  Քրիստոսի հաւատարիմ մնացած այդ ժողովուրդէն շատ բան կայ սորվելիք, այդ քրիստոնեաները համարձակեցան հաւատալ տարբեր ապագայի» գրեց ապա Վատիկանի պետքարտուղարը մաղթանք յայտնելով  որ երիտասարդները կարողանան բացայայտել թէ մինչեւ որ աստիճան հաւատքին մէջ արմատանալը զանոնք կը կոչէ ու զիրենք կը խրախուսէ ընթանալու դէպի ուրիշները, պատասխանելու ընկերութիւններու նոր մարտահրաւէրներուն, յատկապէս մեր հասարակաց տան հայող մարտահրաւէրին։

«Արմատները խարիսխներ չեն, որոնք մեզ կը կալանեն այլ ժամանակաշրջաններու, և որոնք արգելք են մարմնաւորուելու ժամանակակից աշխարհի մէջ […] Անոնք, ընդհակառակը, խարիսխներ են, որոնք թոյլ կու տան զարգացնելու մենք զմեզ և արձագանքելու նոր մարտահրաւէրներուն»(Christus vivit, n. 200)» գրեց հուսկ Կարդինալ Փարոլին հրաւիրելով երիտասարդները միշտ պատրաստ ըլլալու նոր մեկնարկներու ու պատրաստ՝ վկայելու Աւետարանը ու ներկայ գտնուելու յատկապէս թշուառներուն ու  խեղճերու կողքին։

«Վաղն մի սպասէք ձեր համարձակութեամբ, ձեր ստեղծագործութեամբ ու ձեր եռանդով համագործակցելու աշխարհի բարեփոխութեան ուղիով…» թելադրեց  հուսկ կարդինալ Փարոլինը որ ապա պատգամը եզրափակեց բոլոր երիտասարդներուն ու հաւաքին մասնակցողներուն երաշխաւորելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները ու զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2019, 11:09